ՄԱՅՏԱ Մ. ԲԱԲՈՒՄԵԱՆ
Տարբեր էր այս տարի վերամուտը Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին։ Արտակարգ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն մը կար բոլորին դէմքին, ի տես աշակերտներու թիւի կրած աճին ու բարեզարդուած շէնքին։ Դրական ու ներդաշնակ ձեւով մը սկսած վերամուտէն շաբաթ մը անց՝ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5ին, վարժարանը անգամ մը եւս իր դռները բացաւ, այս անգամ՝ յատուկ ծնողներու ընդառաջ, անոնց ներկայացնելու համար 2013-2014 կրթական տարեշրջանի ուսուցչական կազմը, կրթական ծրագիրն ու վարժարանիս մէջ կայացած հոգեթովիչ նորութիւնները։
Հոգաբարձութեան ատենապետ Կերի Ճըրճըրեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու բարեյաջող տարուան մը երաշխիքով ոգեւորուած՝ կատարեց կարգ մը յայտարարութիւններ ու բեմ հրաւիրեց Ասպետ Պետիկեանը, որ իր աղօթքով պաշտօնապէս բացաւ երեկոն։
Վարժարանիս տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեան կարեւոր համարեց հայկական կրթօճախներուն դերը Սփիւռքի մէջ հասակ առած մանուկի ինքնութեան ճանաչման ու ամրապնդման հոլովոյթին մէջ։ Ան դրուատեց ծնողները, որոնք գիտակից հայ վարժարանի այս դերին եւ ի գին ամէն զոհողութեանց՝ յանձն կ՛առնեն իրենց մանուկը առաջնորդել դէպի հայկական վարժարան։ Ան երաշխաւորեց, թէ մեր կրթօճախն ալ իր առաւելագոյնը պիտի մատուցէ՝ բարձրորակ ուսում ու դաստիարակութիւն ջամբելով անոնց։
Տնօրէնը նշեց, թէ վարժարանիս մանկամսուրի բաժինի աշակերտութեան թիւը զգալի աճ արձանագրած է: Անդրադառնալով նախորդ տարուան՝ Ինճէճիքեան նշեց վարժարանիս կարգ մը նուաճումները.
– Ուղղագրութեան «Սփելինկ Պի» եւ ճարտասանական «Սփիչ Միթ» մրցոյթներուն մեծաթիւ մրցանակակիրներ.
– Ը. կարգի աշակերտները «Ճէյ.Փի.Էլ.» հովանաւորած «Ռոպոթիքս» ծրագրին մասնակից.
– Հայերէնի բաժանմունքը պարգեւակիր «Երուանդ Պապայեան» մրցանակին.
– Վարժարանի «Լայնզ Ռոր» պարբերաթերթը.
– Գնահատելի թիւով մարզական մրցանակներ:
Ապա տնօրէնը ներկայացուց երեկոյի նպատակը՝ ծնողներուն ընծայել առիթը մօտէն ծանօթանալու իրենց զաւակներու ուսուցիչներուն, դասածրագիրին, կարգապահական օրէնքներուն, դասարանի պայմաններուն եւ շրջապատին։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Ծնողաուսուցչական մարմինի ատենադպրուհի Աննա Պապայեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն ու իր կողքին կանգնող ծնողներուն։
Տնօրէնը ապա յայտարարեց վարժարանիս մէջ կատարուած հիմնական նորոգութեանց մասին՝ յիշեցնելով, որ Կերի եւ Մարիա Ճըրճըրեանները հովանաւորած են խոհանոցի նորոգութեան լրիւ ծախսերը։ Խոհանոցին կից գտնուող կրպակին ծախսերը հոգացած են Ռիչըրտ եւ Ռապին Էլմասեանները, իսկ ամբողջովին բարեփոխուած համակարգիչներու սենեակի ծախսերը՝ Էտուըրտ եւ Գարինա Բէլէնկեանները, Բէլէնկեան ընտանիքը, Պետրոս եւ Էմի Ազարը, Նիքոլաս եւ Ռիթա Լամպաճեանները եւ Ծնողաուսուցչական մարմինը։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր բացումը։ Վեր. Վաչէ Էքմէքճեանի աղօթքէն ետք, բարերար զոյգերը ժապաւէնը կտրեցին շէնքի մուտքին։ Բացման արարողութենէն ետք, ծնողները գնահատանքով, գոհունակ ու լայն ժպիտներով մտան իրենց զաւակներուն առօրեայ դրութեան մէջ։ Անոնք ընկերային պահ մը անցուցին վարժարանիս շրջափակը, ուր նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Վարժարանիս իսկապէս ժրաջան, կայտառ ու նուիրեալ ծնողներու յանձնախումբի տեսլականին ու յանձնառութեան երախտիքն է, զոր պիտի վայելէ «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանի ընտանիքը։ Այդ խումբ մը մայրերու անսակարկ նուիրումն ու սէրը կը մղեն մեզ դէպի շարունակական վերելք, յանուն ապագայի հայ եւ քրիստոնեայ անհատի կերտման։