
Արլինկթընի Հայ մշակութային կեդրոնին (Մաեսեչուսեց) մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 20ին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Յակոբ Մարթին Տէրանեանի անգլերէնով լոյս տեսած «Նախագահ Քելվին Քուլիճ եւ Հայ Որբերու Գորգը» (President Calvin Coolidge and the Armenian Orphan Rug) գիրքին ներկայացումը:
Ծնած Ուստըր 1922ին, դոկտ. Յակոբ Մարթին Տէրանեան, զաւակն է Մարտիրոսի եւ Վարդերի: Այս վերջինը Ցեղասպանութենէն ճողոպրած էր եւ կորսնցուցած իր առաջին կողակիցն ու վեց զաւակները, Խարբերդի Հիւսենիկ գիւղէն ներս: Եօթ տարեկանէն, Յակոբ կը հետեւի իր հօր ցուցմունքներուն: Քլարք համալսարանը աւարտելէ ետք, ան կը մասնագիտանայ Փենսիլվանիոյ համալսարանի ատամնաբուժական բաժանումէն ներս, ապա 1951էն 1953 կը ծառայէ Ամերիկեան ծովուժէն ներս: 1957ին, ան կը կորսնցնէ իր հայրը եւ իր արհեստին մէջ մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ, յատկապէս աշխատակցելով Մեսեչուսեցի «Tufts» համալսարանէն ներս: Յակոբ կը կրէ իր մօրեղբօր անունը, որ օրին եղած է գորգի մասնագէտ վաճառական եւ օգնած հայ երիտասարդներու՝ իրենց ուսումը շարունակելու բնագաւառէն ներս:
Հետաքրքրական է անդրադառնալ Տէրանեանի արծարծած այս նիւթին մասին:
Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Լիբանան հասած հայ գաղթականներու բեկորներ՝ մօտաւորապէս քառասուն հայ ընտանիքներ, կը հաստատուին Լեռնալիբանանի Ղազիր գիւղաքաղաքը: Ամերիկեան նպաստամատոյցը Ղազիրի մէջ կը հաստատէ որբանոց մը ու կը խնամէ չորս հարիւր հայ որբ: Այս որբերուն մեծ մասը, ժամանած է Լիբանանի մէկ այլ շրջանի՝ Այնթուրայի որբանոցէն, որոնք շատ աւելի դաժան օրեր ապրած էին, օսմանեան հովանիին տակ:
Որբանոցի կողքին, ան կը հաստատէ նաեւ հայ դեռատի աղջիկներու գորգագործարան մը, ուր կ՛աշխատին շուրջ հարիւր հայ որբ աղջիկներ: Այս գորգագործարանը կը գործէ տնօրէնութեամբ զուիցերիացի հայասէր տոքթ. «Փափա» Քիւնցլերի եւ հսկողութեամբ վարպետ Յովհաննէս Թաշճեանի:
Ղազիրի այս որբերը 1924-1925 թուականին 18 ոտք երկարութեամբ եւ 12 ոտք լայնքով գորգ մը կը հիւսեն, եւ 1926ին զայն կը նուիրեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճին, որպէս երախտագիտութիւն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հայ որբաշխարհի որբերուն կողմէ՝ Ամերիկայի ժողովուրդին, որ Ամերիկեան նպաստամատոյցին միջոցաւ մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ հայ որբերուն: Հայ որբերը 18 ամիս, մերթ ընդ մերթ գործելով՝ վերջացուցած են այդ գորգին աշխատանքը:
Այս գորգը հիւսուած է չորս միլիոն հանգոյցով, նկարազարդուած է զանազան կենդանիներու պատկերներով եւ կը ներկայացնէ Ադամի պարտէզը:
Նախագահ Քելվին գորգը կը պահէ «կապոյտ սենեակ»ին մէջ, մինչեւ 1928, իսկ անոր նախագահութեան շրջանէն ետք, իր տան մէջ կը պահէ գորգը: Իր մահէն ետք գորգը կը մնայ անոր ընտանիքին մօտ, մինչեւ 1983 թուական, երբ գորգը կը վերադարձուի Ամերիկայի պետութեան եւ կը զետեղուի պետական շտեմարանի մը մէջ:
Քլինթընի նախագահութեան օրերուն, 1995ին, ամերիկահայ տիկին Մովսէսեան հեռատեսիլի յայտագիրի մը ընթացքին, Ուաշինկթընի նախագահական պալատի «կապոյտ սենեակ»ին մէջ եւ ներկայութեամբ Առաջին տիկին Հիլըրի Քլինթընի, գորգ մը կը նշմարէ: Այս գորգը տեսնելէ ետք տիկին Մովսէսեան կը վերյիշէ իր մօր ամէնօրեայ պատմութիւնը, թէ ինչպէս ան Ղազիրի որբանոցին մէջ, 14 տարեկան հասակին, այլ որբերու հետ գորգ մը գործած է եւ նուիրած Ամերիկայի ժողովուրդին: Տիկ. Մովսէսեան կը վերյիշէ նաեւ մօրը տուած այդ գորգին նկարագրականը: Ան մեծ համոզումով կը պնդէ, թէ իր տեսած գորգը՝ իր մօր նկարագրած նոյն գորգն է: Շուտով կապ կը պահուի տիկին Քլինթընի հետ: Անոր կը տեղեկացուի եղելութեան մասին եւ կը խնդրուի տեսնել այդ գորգը: Ամիս մը ետք, Մովսէսեան ընտանիքը կը հրաւիրուի Ուաշինկթընի նախագահական պալատ՝ տեսնելու համար գորգը: Տիկին Մովսէսեան իր մօր՝ Ամերիկա բերուած 1926ին, ամուսինին եւ այլ բարեկամներու հետ կ՛երթայ եւ կը տեսնէ գորգը: Անոր վրայ եղած արձանագրութիւնները կը փաստեն գորգին մանրամասնութիւնները: Նաեւ նախագահական արխիւներուն մէջ կը գտնուի գորգին պատմականը եւ թէ ի՛նչ պայմաններու տակ անիկա հասած է նախագահ Քելվինի: Այս ձեւով, տիկին Մովսէսեան հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կը ստանայ՝ տեսնելով Հայկական Ցեղասպանութենէն ճողոպրած իր մօր հետքերը Ամերիկեան նախագահական պալատին մէջ: