
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»ի թղթակիցը հաղորդեց, որ հրասանդի հրթիռի հարուած մը դամասկահայ զոհ մը խլեց:
Շաբաթ առաւօտեան Դամասկոսի կեդրոնը՝ Ապետ պողոտայի վերջաւորութեան, «Տար Ալ Սալամ» դպրոցին դիմաց հրասանդի հրթիռի հարուած մը պատճառեց երկու զոհ, քանի մը վիրաւոր եւ նիւթական վնասներ: Հրթիռի բեկորի հարուածի պատճառով զոհուած է նաեւ 1944ի ծնունդ դամասկահայ Նշան Մելիքեան, որ իր ակնոցի վաճառատան առջեւ կը գտնուէր:
Նշան Մելիքեան վարած էր միութենական աշխուժ կեանք, անդամ էր ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի: Ան ծառայած էր իբրեւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ թատերական յանձնախումբի անդամ՝ ունենալով դերեր բազմաթիւ թատերական ներկայացումներու մէջ:
Նշենք, որ անցնող երկու օրերուն Դամասկոսի գրեթէ բոլոր շրջանները հրթիռարձակումի թիրախ էին, մանաւանդ Քասսա, Քուսուր, Ապուռումաննէ, Զապլաթանի, Ժարամանա եւ այլ խաղաղ թաղամասեր:
Միւս կողմէ, սուրիական բանակի միաւորներու եւ զինեալներու միջեւ բախումներ սաստկացած են մայրաքաղաքի արեւելեան մուտքի Քարաժաթ շրջանին մէջ եւ Հարաւային շրջաններէն Սպենէի եւ Հաժերայի մէջ:
Իսկ երէկ երեկոյեան ականուած երկու ինքնաշարժներ անձնասպանական գործողութեան իբրեւ արդիւնք պայթեցան Ումմայաներու հրապարակին վրայ՝ պատկերասփիւռի կայանի շէնքին մօտ՝ պատճառելով միայն նիւթական վնասներ: