ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հայ Մօր Տարուան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 24ին, Ազգ. առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինը ճաշկերոյթ-դասախօսութիւն մը կազմակերպած է Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, կ.ա. ժամը 11։30ին։ Դասախօսն է իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, իսկ նիւթը՝ «Հայ մօր դերը ընկերութեան մէջ»։
Չորեքշաբթի, 30 Հոկտեմբերին, Հայ Մօր Տարուան նուիրուած այլ հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի Մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ։ Բանախօսն է Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Ալինա Դուրեան։ Գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին «Փիլիպոս»ի աշակերտները։
Զոյգ ձեռնարկները կը վայելեն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը։
Մանրամասնութեանց համար, հեռաձայնել Ազգ. առաջնորդարան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.