ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 85ԱՄԵԱԿ
Ս. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Համազգայինի հիմնադրութեան 85ամեակը արժանի վայելչութեամբ նշելու նպատակով, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպած է Թատերական մէկշաբաթեայ փառատօն, որ սկիզբ կ՛առնէ Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբերին, մասնակցութեամբ Համազգայինի Հայաստանի թատերախումբին, որ Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2013ին ժամանեց Լոս Անճելըս, գլխաւորութեամբ տնօրէն Վարդան Մկրտչեանի, գեղարուեստական ղեկավար՝ նորոգ հանգուցեալ Սօս Սարգսեան:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող այս փառատօնը կը նպատակադրէ Հայրենիք-Սփիւռք մշակութային կապերու աւելի եւս ամրապնդում, մանաւանդ որ իւրայատուկ է առիթը՝ Համազգայինի հիմնադրութեան 85րդ տարեդարձը, իսկ հրաւիրեալը՝ թատերական ա՛յն միաւորը, որուն իւրաքանչիւր մասնիկին մէջ տակաւին կը բաբախէ շունչը հայ թատրոնի մեծ նուիրեալ, հայրենասէր ուսուցչապետ եւ գլխագիր հայ մարդ Սօս Սարգսեանի: Մարդ մը, որ անշեղօրէն շարունակեց տեսլահար ուղին Համազգայինի հիմնադիր սերունդին եւ որ այսօր իր հոգիի աչքերով կ՛ուղեկցի իր ձեռնասուն խումբի շրջապտոյտին՝ ի Լոս Անճելըս, սակայն այս անգամ՝ իբրեւ հոգեւոր ներկայութիւն ու ազգային անյեղլի պատգամ՝ թատերական արուեստով յագեցած:
ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՄԷæ
Համազգայինի Հայաստանի թատերախումբի առաջին հանդիպումը Լոս Անճելըսի հայ գաղութին հետ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի մէջ, հիւրընկալութեամբ տեղւոյն «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի վարչութեան: Ատենապետուհի Ալին Պզտիկեան բարի գալուստ մաղթեց խումբին եւ նշեց, որ Լոս Անճելըս կը հանդիսանայ մէկ մասնիկը Հայաստանի՝ հայահոծ իր քաղաքներով, որոնցմէ մէկն է Կլենտէյլը, ուր կ՛ապրի աւելի քան երկու հարիւր հազար հայ: «Բարի եկած էք Կլենտէյլի ձեր տունը», ըսաւ Պզտիկեան, ապա մէկ առ մէկ ներկայացուց վարչութեան անդամները:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Ճուխաճեան, որ ուրախութեամբ ողջունեց հայրենի խումբի 16 անդամները, ապա ներկայացուց Շրջանային վարչութեան եւ յատուկ այս նպատակին համար աշխատանքի լծուած յանձնախումբի անդամները՝ դիտել տալով, որ այս Թատերական փառատօնը կը հանդիսանայ նետուած առաջին քայլը ապագայի գործակցութեան հաշուոյն, Համազգայինի մեծ ընտանիքի զաւակներուն միջեւ, Հայրենիք-Սփիւռք շրջագիծէն ներս:
Ապա շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Հայաստանի թատերախումբի տնօրէն Վարդան Մկրտչեան, որ իր կարգին ներկայացուց խումբի անդամները, ապա ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս խմելու Սօս Սարգսեանի յիշատակին բարձրացուած կենացը՝ նշելով, որ եթէ ան ողջ ըլլար, անպայմա՛ն պիտի յորդորէր խումբը շարունակել աշխատանքը, կանգ չառնել որեւէ խոչընդոտի առաջ, որովհետեւ հայ թատրոնը ո՛չ միայն նուիրական աշխատանք է, այլեւ՝ հայ հոգիի յաւերժութեան ցուցանիշ:
Պաշտօնական խօսքերու աւարտին տեղի ունեցաւ ընթրիք, որուն ընթացքին ներկաներէն շատերը հանդէս եկան սրտառուչ խօսքերով, մաղթանքներով, ասմունքով եւ զուարթ անէկտոթներով, իսկ երեկոն աւելի եւս խանդավառեց երգիչ Նշան Ջաղացպանեանը՝ մեկնաբանալով հայրենական փունջ մը երգեր:
Հիւրընկալ մասնաճիւղի ջերմ ընդունելութեան աւարտին, հայրենի խումբը անմիջապէս մեկնեցաւ Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկը, Թատերական մէկշաբաթեայ փառատօնը թարմացած ուժերով սկսելու ակնկալութեամբ:
Յիշեցնենք, որ Համազգայինի Հայաստանի թատերախումբը Լոս Անճելըսի հայ պատանի հանդիսատեսներուն պիտի ներկայացնէ մանկական «Անբան Հուրին» թատերախաղը՝ քանի մը օրերու ընթացքին եւ հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն համար, իսկ արուեստասէր հանրութեան համար նկատի ունի երեք գլխաւոր ներկայացումներ՝ «44 Աստիճանի վրայ», «Սէյլ» եւ «Վըրայըթի Շօ», որոնք կոչուած են լաւագոյնս փառաբանելու աշխարհատարած Համազգայինի 85ամեայ գործունէութիւնը՝ բովանդակալից եւ բարձրորակ խաղարկութեամբ գեղարուեստական վայելքի պահեր շնորհելով Լոս Անճելըսի մէջ հայ թատրոնի պապակով տառապող արուեստասէր հոգիներուն:
Մի՛ փախցնէք այս հազուագիւտ առիթը: