ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2013 թուականի Յունուար-Սեպտեմբերին 3.2 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը: Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, աճ արձանագրուած է գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ, բացի շինարարութեան եւ ելեկտրականութեան արտադրութեան բնագաւառներէն: 2012ի Յունուար-Սեպտեմբերին հետ բաղդատելով՝ այս տարուան ինը ամիսներուն ընթացքին ծառայութիւններու քանակը աճած է 2.8 տոկոսով եւ կազմած է 740 միլիառ 770.4 միլիոն դրամ, իսկ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը՝ 5.5 տոկոսով՝ կազմելով 663 միլիառ 413.6 միլիոն դրամ: Առեւտուրի շրջանառութիւնը աճած է 2.1 տոկոսով եւ կազմած 1 եռիլիոն 546 միլիառ 337.5 միլիոն դրամ:
Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը՝ 874 միլիառ 615.3 միլիոն դրամ, 7 տոկոսով աւելի է նախորդ տարիէն: Շինարարութիւնը կը շարունակէ անկում ապրիլ, եւ նախորդ տարուան այդ ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով կատարուած շինարարական աշխատանքներուն ծաւալը (244 միլիառ, 963.9 միլիոն դրամ) նուազած է 9.2 տոկոսով: Ելեկտրականութեան արտադրութիւնը նուազած է 4.1 տոկոսով (5 միլիառ, 703.9 միլիոն քիլովաթ/ժամ), միջին ամսական անուանական աշխատավարձը աւելցած է 4 տոկոսով (146 հազար 367 դրամ): Արտաքին ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները 2012ի Յունուար-Սեպտեմբերին հետ բաղդատելով՝ աւելցած են 4.5 տոկոսով (4 միլիառ 169.6 միլիոն տոլար). ընդ որում, արտածումը աւելցած է 10.6 տոկոսով (1 միլիառ 88.6 միլիոն տոլար), իսկ ներածումը՝ 2.5 տոկոսով (3 միլիառ 81 միլիոն տոլար):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.