
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քաղցկեղի մասին մտածելը կրնայ նեղացուցիչ ըլլալ շատերուն համար, սակայն Լա Քրեսենթայէն 67ամեայ Ռիչըրտ ՄըքՏենիըլ եւ Սիլվըր Լէյքէն 84ամեայ Գասպար Սօսոյեանի կարծիքով, պէտք է ծիծաղով ու ջերմութեամբ դէմ դնել քաղցկեղին:
«Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» կը գրէ, թէ նշեալները կը հանդիսանան քաղցկեղէ տառապող հի-ւանդներու աջակցութեան խմբակի մը անդամները: Նշեալ խմբակը հերթականօրէն կը հաւաքուի Կլենտէյլի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Հանդիպումներուն կը մասնակցին նաեւ անոնք, որոնց կողակիցները քաղցկեղի զոհ գացած են, որպէսզի իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերեն քաղցկեղի դէմ պայքարող հիւանդներուն:
Ռիչըրտ ՄըքՏենիըլ եւ Գասպար Սօսոյեան խմբակին մաս կազմած են, որպէսզի աջակցին քաղցկեղով հիւանդ իրենց կանանց: