ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏ.- Քրեսենթա հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Նոյեմբեր 2ին կայանալիք Քրեսենթա հովիտի խորհուրդի ընտրութեանց համար, որոշած է նեցուկ կանգնիլ Շերըլ Տէյվիսի, տոքթ. Եանկ Սուի եւ Հերի Լիանի թեկնածութեանց, որոնք ներկայիս անդամ են խորհուրդին ու վերընտրութեան ընտրապայքար կը մղեն:
Ակնարկելով այս թեկնածուներուն՝ Քրեսենթա հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Արմինէ Շերիքեան կը յայտնէ. «Կասկած չկայ, որ անոնք պիտի շարունակեն համայնքին հասարակ շահերը պաշտպանել ու իրականացնել զանոնք հետաքրքրող ծրագիրներ»:
Տէյվիս հասակ նետած է Սան Հոզէի մէջ ու իբրեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ուսանող՝ Հարաւային Քալիֆորնիա փոխադրուած է, ստանալով բնաքիմիագիտութեան մարզին մէջ պսակաւոր գիտութեանց վկայական: Ան ներկայիս Կլենտէյլի իրաւաբանական «Պրետլի եւ Կմելի»չ հիմնարկի վարիչն է ու անդամ է շրջանի շարք մը յանձնաժողովներու. ան կամաւոր սպասարկութիւններ կը տրամադրէ կարգ մը կազմակերպութեանց: Տէյվիս յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Քրեսենթա հովիտի բոլոր համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնը զարգացնելու եւ այդ միջոցաւ նպատակներ իրականացնելու գործին:
Տոքթ. Սու զգայազրկման մասնագէտ բժիշկ մըն է, որ յատկապէս աչքի բարեսիրական գործողութիւններու կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրած է աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ իր ունեցած առաքելութեանց ընթացքին: Ան գործօն անդամ մըն է շրջանի քորէական համայնքէն ու եկեղեցիէն ներս, ու իբրեւ Քրեսենթա հովիտի խորհուրդի անդամ՝ նպաստած է շրջանի համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնը սերտացնելու աշխատանքին: Ան եւս անդամ է շրջանի շարք մը յանձնաժողովներու եւ կամաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցէ կարգ մը կազմակերպութեանց:
Լիան ճարտարագէտ ու գործարար մըն է շրջանին մէջ, միաժամանակ գործօն անդամ է Հովիտի հայ համայնքին, յատկապէս՝ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի շրջանային մարզական յանձնախումբին միջոցաւ: Ան եւս անդամ է շրջանի շարք մը յանձնաժողովներու եւ կամաւոր սպասարկութիւններ կը տրամադրէ կարգ մը կազմակերպութեանց՝ նպատակ ունենալով բարելաւել շրջանի կեանքի մակարդակը ու նոր սպասարկութիւններ մատուցել երիտասարդութեան, ընտանիքներու եւ տարեցներու:
Նոյեմբեր 2ի ընտրութեանց կը մասնակցին 9 թեկնածուներ. Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ շրջանի հայ բնակչութեան, որ քուէարկէ ի նպաստ Շերըլ Տէյվիսի, տոքթ. Եանկ Սուի եւ Հերի Լիանի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.