ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Երիտասարդ քրիստոնեայ կանանց միութեան (YWCA), Կլենտէյլի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովին, ՀՕՄին ու Կլենտէյլի ոստիկանութեան եւ քաղաքապետութեան, ինչպէս նաեւ՝ շարք մը այլ կազմակերպութիւններու, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին, Երիտասարդ քրիստոնեայ կանանց միութեան Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ տնային բռնութեանց զոհ գացած կանանց յիշատակին նուիրուած մոմավառութեան իւրայատուկ ձեռնարկ մը՝ նպատակ ունենալով կանխարգիլել նման բռնութիւններ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Կլենտէյլի ոստիկանապետ Ռան Տը Փամփա, փոխոստիկանապետ Քարլ Փովալիթիս, Կլենտէյլի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովի անդամներ Տենիս Միլըր (ատենապետ), Փոլա Տիվայն, Սեդա Խոճայեան եւ Շերըն Ուայզմըն, նախկին անդամներ Ռիմա Սահակեան եւ Էվանթիս Միրզախանեան, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան ատենապետ Լենա Պօզոյեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Զարեհ Սինանեան եւ Ֆրենք Քուինթերօ, Երիտասարդ քրիստոնեայ կանանց միութեան Կլենտէյլի մասնաճիւղէն Միշէլ Ռապըրց եւ Լիսա Ռեճիօ, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբէն Դալար Մալաքեան, ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղէն Լուսին Մելեքեան, Մերի Մոսքոֆեան, Քնար Աւետիսեան ու Պերճուհի Չոլաքեան, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղէն Արշակուհի Յակոբեան ու ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիղէն Մարօ Քէշիշեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.