Արցախի մէջ ամէնէն մեծ եւ բազմանդամ աշխատաւորներ պահող գործատունը հանքարդիւնաբերական գործարանն է: «Բէյզ Մեթըլս» ընկերութեան մէջ կան 1394 աշխատաւորներ. թիւ մը, որ բաւական մեծ ցուցանիշ կը կազմէ՝ այլ ձեռնարկութիւններու մէջ աշխատողներու թիւին համեմատ:
Աշխատաւորներու մեծ թիւ ունեցող երկրորդ ընկերութիւնը «Արցախ եներգօ»ն է, ուր կ՛աշխատի 944 հոգի: Տուեալ ընկերութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մեծագոյն հարկատուն է:
Բազմամարդ ընկերութիւններու ցանկին երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի «Ղարաբաղ թելեքոմ»ը, ուր կ՛աշխատի 677 հոգի: Անոր կը յաջորդեն «Արցախ բանկ» դրամատունը՝ 486 աշխատաւորներով եւ «Արցախ գազ»ը՝ 426ով:
Մեծ գործատուներու տասնեակին մէջ են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի «Հանրապետական բժշկական կեդրոնը»՝ 409 աշխատաւորներով. ապա կու գան «Արցախ փոստ»ը, «Արցախ կարի-կօշիկի արտադրական միաւորումը», «Արցախի գործագործական գործարանը»՝ 200-280 աշխատաւորներով:
«Բէյզ Մեթըլս» հանքարդիւնաբերական ընկերութիւնը հիմնադրուած է 2002 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն գիւղին մէջ: Գործունէութիւնը սկսած է նախապէս կատարուած Դրմբոնի պղինձ-ոսկիի հանքավայրի վերագնահատողական ուսումնասիրութեամբ, ապա հանքավայրը նախապատրաստուած է արդիւնաբերական շահագործման: Մասնագէտներու ջանքերուն շնորհիւ, 13 ամսուան ընթացքին կարելի եղած է սկսիլ պղինձ-ոսկիի ապրանքային խտանիւթի արտադրութեան: Եւ այսօր, ձեռնարկութեան տնօրէնութիւնը կը խօսի 10ամեայ յաջողութիւններու մասին, որոնց ընթացքին գործեց եւ զարգացաւ լեռնահարստացուցիչ համալիրը, որ յագեցած է արտադրութեան համար անհրաժեշտ բոլոր ենթակառուցուածքներով եւ օժանդակ ստորաբաժանումներով:
Նախորդ տարի շահագործման յանձնուեցաւ արտադրական գործարան մը եւս, որ եզակի է տարածաշրջանին մէջ՝ զարգացած ժամանակակից արհեստագիտութեամբ:
Գործարանը կը հանդիսանայ Արցախի տնտեսութեան կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը եւ մեծապէս կը նպաստէ հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական զարգացման գործին:
Նշենք, որ նոր արտադրամասը հին գործող գործարանի 1 թոն զանգուածէն կը ստանայ 1 կրամ ոսկի խտանիւթ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.