ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– ԵԽԽՎ խորհրդարանական պատուիրակութեան մէջ Օրինաց Երկիր խմբակցութիւնը պիտի ներկայացնէ խմբակցութեան քարտուղար Մհեր Շահգելդեանը: 24 Հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտարարեց ՕԵԿ խմբակցութեան ղեկավար Հեղինէ Բիշարեանը:
Անոր համաձայն, երբ ձեւաւորուեցաւ ԵԽԽՎ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, ՕԵԿ խմբակցութիւնը առաջադրեց իր թեկնածուն՝ Մհեր Շահգելդեանը, սակայն այն ատեն որոշում տրուեցաւ այն մասին, որ պատուիրակութեան կազմը մէկ տարի ետք պէտք է յաջորդականութեան սկզբունքով փոխուի: «Մեր խմբակցութիւնը սպասել է մի ամբողջ տարի եւ հիմա տեղի ունեցաւ այդ ռոտացիան, Մհեր Շահգելդեանը ԵԽԽՎ հայկական պատուիրակութիւնում կը ներկայացնի մեր խմբակցութիւնը», նշեց Բիշարեանը:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ մինչ այդ պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են իշխանութիւնը ներկայացնող 3 եւ ընդդիմութիւնը ներկայացնող 5 ներկայացուցիչներ, իսկ կատարուած փոփոխութիւններէն ետք այդ յարաբերակցութիւնը պիտի ըլլայ 4-4:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.