
ԵՐԵՒԱՆ, «Սլաք».– Հակառակ անոր, որ Հայաստանի ընկերային-տնտեսական վիճակը ծանր է, եւ ժողովուրդին կենսամակարդակը այդքան ալ բարձր չէ, «բայց այնուամենայնիւ մենք, հայերս մի փոքր ցուցամոլ ազգ ենք: Հարսանիքները հայերի պէտք է լինեն ամենաճոխն ու շքեղը: Ամենաթանկ մեքենաներն ու ամենապահանջուած երգիչ, երգչուհիներին կարելի է տեսնել հայկական հարսանիքների ժամանակ», կը գրէ «Սլաք»ը: Ըստ թերթին. հաւանաբար այդ պատճառով է, որ հայ երգիչ-երգչուհիներուն կողմէ հարսանեկան մէկ երգի փոխարէն գանձուած գումարը մեծ թիւեր կը ներկայացնէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ամէնէն աւելի գանձող երգիչ-երգչուհիներուն բուրգը.
Ամէնէն բարձր գինը կը պահանջէ Թաթա Սիմոնեանը: Ան հիմնականօրէն կ՛երգէ ուրախ երգերու շարք մը. 30-40 վայրկեանը կ՛արժէ 30,000-35,000 տոլար:
Արման Յովհաննիսեանը 30-40 վայրկեանի համար կը գանձէ 30,000-35,000 տոլար:
Ռազմիկ Ամեանը կ՛երգէ տուեալ ժամանակաշրջանի իր վերջին երգերը: 20 վայրկեանը կ՛արժէ 6000 տոլար: Եթէ այս շրջանին Ռազմիկին կանչէք ձեր հանդիսութեան, ան պիտի երգէ «Քամ-քամ» երգը:
Մարտին Մկրտչեանի 3 երգը կ՛արժէ 3000-4000 տոլար: 3 երգէն նուազ չ՛երգեր, ներկայիս անոր ամէնէն սիրուած երգը «Այսօր քո տօնն է»ն է։
Լիլիթ Յովհաննիսեան. 3 երգը՝ 4000 տոլար, անոր ամէնէն նշանաւոր երգերն են «Թու-թու-թու», «Թէ աղջիկ լինէիր», «Գնչու»: Գումարը կը ներառէ «Ամարաս» պարի խումբի մասնակցութիւնը:
Սիլվա Յակոբեանի 3 երգը կ՛արժէ 4000 տոլար:
Գէորգ Մարտիրոսեան, որ թէեւ վերջերս մուտք գործած է շօ-պիզնիսի բնագաւառին մէջ, բայց արդէն քանի մը հարսանիքներու ներկայութիւն եղած է։ 3 երգը՝ 3000 տոլար, հիմնականին մէջ կ՛երգէ «Շնորհաւոր» եւ «Հալալայ» երգերը:
Զարուհի Բաբայեանի 4 երգը 4000 տոլար կ՛արժէ: Գումարը կը ներառէ նաեւ Սոֆի Դեւոյեանի պարային խումբի կատարումները:
Սոնա Շահգելդեան՝ 500էն մինչեւ 1500 տոլար: Յստակ գին չկայ, կախեալ է Սոնայի տրամադրութենէն եւ պատուիրատուէն: Հարսանեկան խնճոյքներուն Սոնան կարելի է տեսնել նաեւ Գէորգ Մարտիրոսեանի եւ Արմոյի «Շնորհաւոր» երգի ուղեկցութեամբ պարելու ժամանակ:
Արմօն հարսանեկան խնճոյքներուն կ՛երգէ հիմնականօրէն Գէորգ Մարտիրոսեանի հետ՝ միացեալ «Շնորհաւոր» երգը:
Հարկ է նշել, որ կարգ մը հայ երգիչ–երգչուհիներուն համար առհասարակ պատիւ չի բերեր հարսանեկան խնճոյքներուն ընթացքին երգելը։ Օրինակ Անի-Քրիստին, Սիրուշոն, Նունէ Եսայեանն ու քանի մը այլ երգիչներ կը հաստատեն, որ իրենք հարսանիքներու ընթացքին չեն երգեր։