
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Նոյեմբեր 30ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, բեմադրիչ ու Հայ Դատի գործիչ Արա Սիւտճեան պիտի արժանանայ «Վահան Քարտաշեան» մրցանակին, որ կը շնորհուի Հայ Դատի գաղափարախօսութեան տարածման գործին մէջ յատկանշական աշխատանք կատարած գործիչներու:
«Ի՛նչ ցանես, զայն կը հնձես» ասացուածքը լաւապէս կը յարմարի Արայի ներդրումներուն: Ան փայլուն օրինակ մըն է շրջանի հայ համայքնին տուած արգասիքներուն, որովհետեւ անոր մէջ հասակ նետած ու ստացած է իր կրթութիւնը: Ան Սփիւռք ծնած, հայկական վարժարաններու մէջ դաստիարակուած ու եղած է ՀԵԴի Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտի անդամ՝ համայնքի կեանքէն ներս գործօն դերակատար մը հանդիսանալով կանուխ տարիքէն:
Յատուկ գնահատանքի արժանի է նաեւ այն իրողութիւնը, որ հակառակ իր արձանագրած յաջողութեան ու անձնական մղումներով, Արա երբեք չէ դադրած իր համայնքի կարիքներուն հասնելէն՝ անոր տրամադրելով իր սպասարկութիւնները ու այդ միջոցաւ պաշտպանելով Հայ Դատը: Հետաքրքրական է նաեւ, որ ճակատագիրի բերումով, Արան իր ապագայ կնոջ՝ Կարինէին, ծանօթացած էր ՀԵԴի շարքերուն մէջ:
Արան ծնած է Դեկտեմբեր 17, 1976ին, Լոս Անճելըս, ու զաւակն է Մորիս եւ Ռութ Սիւտճեաններուն, որոնք գիտակցելով հայ վարժարանին՝ «հայկական երկրորդ տան» կարեւորութեան՝ Արան արձանագրած են նախ «Մխիթարեան», ապա՝ «Շամլեան», ու վերջապէս՝ «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանները, ուրկէ ան շրջանաւարտ եղած է 1994ին: Ան ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի եւ շարժապատկերի արտադրութեան մարզին մէջ մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղը՝ վկայուելով 1999ին: Իր համալսարանական ուսման կողքին, Արա կը յայտնէ, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի շաբաթական լրատուական յայտագիրին՝ «ANC TV»ի, արտադրութեան իր մասնակցութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է իր փորձառութիւնը հարստացնելու աշխատանքին մէջ: Հայութիւնը յուզող վերջին իրադարձութիւններէն համայնքը տեղեակ պահող նշեալ յայտագիրի հաստատման առաջին օրէն իսկ, Արան եղած էր անոր գործօն անդամներէն մէկը:
«ANC TV»ի արտադրութեան ճամբով իր ձիրքերը բարելաւելէ ու արժէքաւոր փորձառութիւն ապահովելէ ետք, Արա նետուած է Հոլիվուտի շարժապատկերներու աշխարհ՝ մասնագիտանալով յատկապէս թուայնացած արտադրութեանց մարզին մէջ: Ան մասնակցած է «13 Going on 30», «Confessions of a Dangerous Mind», «Intolerable Cruelty» եւ «The Ring 2» շարժապատկերներու նկարահանումներուն, որոնց ընթացքին բացայայտուած է իր ստեղծագործական տեսիլքը ու տաղանդը՝ իբրեւ բեմադրիչ: Ան նաեւ արտադրած է երաժշտական ու ծանուցողական շարք մը տեսաերիզներ՝ արժանանալով զանազան մրցանակներու: Անոր յաճախորդներու շարքին են՝ «Sony Music»ը, «Warner Bros. Records»ը, «Gatorade»ը, «Ralph՛s»ը, «Expo Line»ը, «Metro»ն եւ «Rock the Vote»ը: Արա նաեւ պատկերասփիւռի յայտագիրներու նախատիպարներ արտադրած է «Fox» եւ «Sony Television» կայաններուն համար:
Ան արժանացած է Երաժշտական տեսաերիզներու արտադրութեանց միութեան (MVPA) երկու մրցանակներուն, Սերժ Թանքեանի ու Ուիզ Խալիֆային երգերուն համար պատրաստած տեսաերիզներու արտադրութեանց համար:
2010ին, Արա արտադրած ու բեմադրած է Ուիլեըմ Սարոյեանի մէկ կարճ պատմուածքին վրայ հիմնուած «A Nice Old-Fashioned Romance» կարճ ժապաւէնը, որ առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ կարճ ֆիլմերու Լոս Անճելըսի «LA Shorts» հեղինակաւոր փառատօնին ընթացքին:
Իր ամէնօրեայ աշխատանքին կողքին, Արա կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ համայնքի գործունէութեան՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նման կազմակերպութիւններու աջակցելով: Արայի աշխատանքին շնորհիւ է, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի շարք մը գործերուն մասին տեղեկութիւնները լաւապէս տարածուած են: Տեղեկատուական ֆիլմեր արտադրած է Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներուն ու այլ գործունէութեանց մասին, որոնք տարածուած են DVD-ներու, տեսաերիզներու կամ «YouTube»ի միջոցաւ:
Արա կենսական դերակատարութիւն ունեցած է յատկապէս քաղաքացիները քուէարկելու մղելու նպատակով արտադրուած Հայ Դատի «Get Out The Vote» տեսաերիզներու պատրաստութեան մէջ եւ արտադրած է Հայ Դատի աջակցութիւնը ապահոված թեկնածուներուն ի նպաստ շարք մը տեսաերիզներ, որոնց շարքին են՝ քաղաքապետներ Անթոնիօ Վիարայկոսա եւ Էրիք Կարսեթի, Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փօլ Գրիգորեան ու Ռաֆֆի Մանուկեան եւ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս «Արտի» Քասախեան:
Ամէն տարի Արան նաեւ կը պատրաստէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկի տեսաերիզները, որոնց մէջ կ՛ամփոփուի շրջանին մէջ Հայ Դատին տարած գործունէութիւնը: Քանի մը տարի առաջ, ան մասնակցած էր նաեւ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւնները թուայնացնելու «Ցեղասպանութեան ծրագիր»ի աշխատանքին:
Նման կամաւոր աշխատանքներու Արային նուիրումը չէ անտեսուած ու 2012ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան յատուկ գնահատագիր մը շնորհած էր անոր, քաղաքապետարանին մէջ կայացած արարողութեան մը ընթացքին:
«Վահան Քարտաշեանի անուան մրցանակը կը շնորհուի Հայ Դատի գաղափարախօսութեան տարածման գործին մէջ անսակարկ աշխատանք կատարած գործիչներու: Արա տիպար օրինակ մըն է Վահան Քարտաշեանի պաշտպանած սկզբուքներուն: Իր ստեղծագործական աշխատանքին շնորհիւ, ան եղած է ու կը շարունակէ մնալ մեր Դատին հաւատարիմ պաշտպան մը: Անոր արտադրած ֆիլմերը դաստիարակչական ու քաջալերական են, իսկ ֆիլմի արտադրութեան անոր առաջին ընկերութեան անունը՝ «Սեւրի դաշնագիր», ցոյց կու տայ, թէ ան որքանո՛վ նուիրուած է Հայ Դատին», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետը՝ Այտա Տիմեճեանը:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի միւս համաատենապետը՝ իրաւաբան Սարին Պզտիկեանը, կ՛աւելցնէ, թէ Արան Հայ Դատին ի նպաստ արժէքաւոր աշխատանք տարած է ու վաւերագրած է տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակի վրայ Հայ Դատի գործունէութիւնը՝ զայն հասցնելով լրատուամիջոցներուն եւ համայն աշխարհին:
Հոլիվուտի «Ռոյ Տոլպի» սրահին մէջ կայանալիք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին ու անոր զուգահեռ կայացող խորհրդաժողովին մասին տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ այցելել ItsMySeat.com/ANCAWR կայքէջը: