Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի, Անթիլիասի տպարանէն հերթականօրէն կը շարունակուին լոյս տեսնելու Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները:
Յուշամատեաններու առաջին երկու հատորներն էին «Ատանայի Հայոց Պատմութիւն» եւ «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի»: Ներկայ հրատարակութեան «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» երրորդ եւ չորրորդ հատորները առաջին անգամ լոյս տեսած են 1953ին Լոս Անճելըս, դոկտ. Գէորգ Ա. Սարաֆեանի աշխատասիրութեամբ: Ներկայ հրատարակութեան խմբագիրն է բանասէր, նախկին տնօրէն եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան:
Զոյգ հատորները իրենց մէջ կը պարունակեն Անթէպի պատմական, աշխարհագրական, տնտեսական, լեզուական, գրական, հայրենակցական, եւայլն երեսները, որոնք ընթերցողին ամբողջական պատկերը կու տան Անթէպի ու անթէպցիներու մասին: Խմբագիրը երկու հատորներն ալ օժտած է տեղանուններու եւ անձնանուններու ցանկերով, «որոնք մաս կազմած են առաջին հրատարակութեան բովանդակութեան»: Խմբագիրը նաեւ կատարած է «հիմնական թերացումներու, ուղղագրական, կէտադրական, լեզուական, տպագրական, եւայլն, սրբագրութիւն»:
Սոյն զոյգ հատորները տպագրուած են ազնիւ մեկենասութեամբը տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Արեգ Նազարեաններու:
Անթիլիասի տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին «Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւն», «Վասպուրական», «Մարաշ կամ Գերմանիկ» եւ «Պատմագիրք Կիւրինի» Յուշամատեանները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.