ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18ին, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի երկրորդական դասարանի աշակերտները, վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցան Հայաստանէն ժամանած «Համահայկական Բնապահպանական Ճակատ»ի պատասխանատու անդամներ Լեւոն Գալստեանի եւ Աննա Աղլամազեանի հետ:
Հիւրերուն կ՛ընկերանար Հայաստանի եւ Արցախի կենսոլորտի պաշտպանութեան «Կանաչ Հայաստան» կազմակերպութեան անդամ Կարէն Եղբայրեանը:
Հաւաքին նպատակն էր աշակերտութիւնը իրազեկ պահել Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հանքային հողատարածքներու օգտագործման հասցուցած կենսոլորտի վնասներուն մասին, որոնց պատճառով հողատարածքներուն մեծամասնութիւնը դարձած է բոլորովին անգործածելի՝ մերձակայքը ապրող բնակիչներուն մօտ յառաջացնելով առողջապահական լուրջ խնդիրներ:
Լեւոն Գալստեան եւ Աննա Աղլամազեան մանրամասնութիւններով բացատրութիւն տուին օգտագործուած հողատարծքներուն ներկայ կացութեան մասին եւ ապա տեղեկացուցին, թէ ներկայիս կ՛աշխատին համայն հայութեան բնապահպանական մասնագէտները համախմբել, որպէսզի անոնք եւս իրենց ներդրումը ունենան Հայաստանի բնութեան եւ առողջ միջավայրի պահպանման աշխատանքներուն:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած այս հաւաքին, աշակերտները հետաքրքրութեամբ լսեցին եւ դիտեցին Հայաստանի տեսարժան վայրերու օգտագործման եւ ապա անոր հետեւանքով՝ բոլորովին անգործածելի դարձած հողատարածքներուն մասին տեսահոլովակներ:
Խօսելով կազմակերպութեան մասին՝ հիւրերը ըսին, որ «Համահայկական Բնապահպանական Ճակատ»ի հիմնադրութեան նպատակն է հայրենիքի բնութեան պահպանումը՝ առանց խախտելու օրինական սկզբունքները:
Հաւաքի աւարտին առիթ տրուեցաւ աշակերտներուն, որ իրենց հարցումները ուղղեն դասախօսներուն, որոնք իրենց կարգին, համբերութեամբ պատասխանեցին բոլորին: