ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Աշխատանքային իւրաքանչիւր օր, «Ասպարէզ»ի սրբագրիչներու կեդրոնացումը կը խանգարուի Հայ Օգնութեան Միութեան ընկերային ծառայութեան Հոլիվուտի գրասենեակ հասնիլ փորձող «յաճախորդներու» երթեւեկէն: Ի՛նչ միջոցի ալ դիմենք, ի՛նչ զգուշացումներ ալ գրենք, մարդիկ, փոխանակ Վըրմոնթ պողոտայէն ուղղակի ՀՕՄի գրասենեակ մուտք գործելու՝ կը նախընտրեն կարճ ճանապարհով անցնիլ «Ասպարէզ»ի միջով՝ ետեւի դուռը գործածելով:
ՀՕՄի Հոլիվուտի գրասենեակը «Ասպարէզ»ի շէնքին մէջ կը գտնուի, ինչպէս կռահեցիք, ու մենք ամէն օր վկան կ՛ըլլայինք, թէ ինչպէ՛ս ընկերային ծառայութեան անձնակազմը իր կարելին կ՛ընէր՝ պատասխանելու համար գաղթականական կամ ընկերային զանազան խնդիրներով իրենց դիմող բազմաթիւ հայորդիներու:
Հիմա, դժբախտաբար, կը վկայենք, որ գրասենեակին մէջ մնացած է միայն մէկ աշխատող, որուն ժամերն ալ այստեղ նուազած են, սակայն դիմորդներու հոսքը կը շարունակուի նոյն թափով:
Ընկերային ծառայութեան կարիքն ունեցողները հասկնալիօրէն կ՛ընդվզին, երբ իրենց առջեւ փակ դուռ կը գտնեն: Այդ ընդվզումէն երբեմն մեզի ալ բաժին կը հանեն:
Մենք կը վկայենք, որ կարիքը շատ է, իսկ կարիքաւորներուն համար ՀՕՄի գրասենեակին կողմէ մատուցուած աջակցութիւնը՝ անփոխարինելի: Հետեւաբար, կը հաստատենք անհրաժեշտութիւնը այս գրասենեակի՝ իր ամբողջական կազմով վերաբացման եւ կը դիմենք մեր հայրենակիցներուն՝ մասնակցելու այդ նպատակով ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ձեռնարկած հանգանակութեան: Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ հանգանակութեան կամ ներկայ ըլլալ այդ նպատակով կազմակերպուող ձեռնարկին, կրնան հեռաձայնել ՀՕՄի գրասենեակ՝ (818) 500-1343 թիւին: