ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերի երեկոյեան, «Հայաթ Ռիճընսի» պանդոկի շքեղ սրահը ժամադրավայրը դարձած էր ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին ու համակիրներուն, որոնք համախմբուած էին մասնակից դառնալու ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի 35ամեակի տօնախմբութեան եւ պատուելու Տարուան Պատուոյ Անդամ յայտարարուած միութենական ընկերուհի քոյր Ժասիկը: Սրահ փութացած էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանն ու Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը, ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան անդամներ Յակոբ Թիւֆէնքեան ու Վիգէն Դաւիթեան, ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան անդամ Անի Քէշիշեան, ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան, ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Տէյվ Ուիվըր եւ քաղաքապետական խորհուրդի լրիւ կազմը, ինչպէս նաեւ՝ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, տեղական եւ հայկական զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄականներ եւ հիւրեր:
Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներու մեներգումով, զոր կատարեց ծանօթ արուեստագէտ Ռաֆֆի Քէրպապեան (թենոր), դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Յովսէփ Թորոսեանի:
Երեկոյի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց մասնաճիւղի անդամներէն՝ ներկայիս ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամ Արիգ Գէորգեանը, որ օրուան պաշտօնական հիւրերը ներկայացնելէ ետք հրաւիրեց թեմիս առաջնորդը՝ օրհնելու համար սեղանները:
Մասնաճիւղի վարչութեան պատ-գամը փոխանցեց ատենապետ Թոմիկ Աբրահամեան, որ վեր առնելով մասնաճիւղին արձանագրած նուաճումները՝ ըսաւ. «1978 թուին ծնունդ առաւ ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը, իսկ այսօր, 35ամեայ փորձառու այս մասնաճիւղը, վառ պահելով գալիք սերնդի դաստիարակութեան եւ հայապահպանման անմառ ջահը՝ քայլում է հաստատ ու աննկուն, սպասարկելով մի ամբողջ գաղութ»:
Աբրահամեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի պատասխանատուներուն եւ բոլոր անդամներուն, որոնք նպաստած են եւ տակաւին կը շարունակեն նպաստել մասնաճիւղի վերելքին: Ապա, գնահատելով ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի բծախնդիր ու արդիւնաւէտ աշխատանքը՝ շնորահակալագիր պարգեւեց յանձնախումբի պատասխանատու Էւիկ Նազարեանին եւ անոր միջոցաւ՝ յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն:
Ծերակուտական Էտըմ Շիֆ, նահանգէն դուրս գտնուելով՝ տեսաերիզով փոխանցեց իր պատգամը, որ մեծապէս տպաւորեց ներկաները: Ան բարձր գնահատեց մասնաճիւղի լայնածաւալ գործունէութիւնը եւ զայն իրականացնող ղեկավարութիւնը, յատկապէս՝ երիտասարդութեան առողջ միջավայր մը ապահովելու կարեւոր գործին մէջ: Ան նաեւ շնորհաւորեց օրուան մեծարեալ Ժասիկ æառահեանը եւ անոր ծառայողական գործունէութիւնը՝ մասնաճիւղէն եւ գաղութէն ներս:
Շրջանային վարչութեան անունով, ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան եւ մասնաճիւղին մօտ Շրջ. վարչութեան կապ Սալբի Ճէճէեան, շնորհաւորելով մասնաճիւղի 35ամեակն ու զայն կերտող մասնաճիւղի անդամ-անդամուհիները՝ շնորհաւորական յուշատախտակ մը յանձնեցին մասնաճիւղի վարչութեան:
Կլենտէյլի քաղաքապետ Տէյվ Ուիվըր եւս իր սրտի խօսքը փոխանցեց: Ան յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց մասնաճիւղի ղեկավարութեան, որ ի գին մեծ զոհողութիւններու՝ շրջանի երիտասարդութեան մաքուր միջավայր մը կ՛ապահովէ, եւ առ ի գնահատանք՝ շնորհաւորագիր յանձնեց մասնաճիւղի վարչութեան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ձեռնարկի երկրորդ գլխաւոր ա-ռանցքը հանդիսացող արարողութիւնը: Մասնաճիւղի ատենապետ Թոմիկ Աբրահամեան, ընկերակցութեամբ իր գլխաւորած մասնաճիւղի վարչութեան եւ ներկայ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, 2013 տարուան «Պատուոյ անդամ» յայտարարեց եւ համապատասխան գնահատագիրը յանձնեց մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամուհիներէն՝ երկարամեայ ՀՄԸՄական եւ գաղութէն ներս բազմազան ծառայութիւններ մատուցած Ժասիկ æառահեանին:
Հայրական իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքները փոխանցեց նաեւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ նախապէս յղած իր գնահատանքի խօսքերով շնորհաւորած էր մասնաճիւղի ողջ ընտանիքը՝ ընդգծելով, թէ ««Արարատ» մասնաճիւղի գործունէութիւնը պէտք չէ դիտել միայն Կլենտէյլի շրջագիծէն ներս, վերջին 35 տարիներու ժամանակամիջոցին: Արդարեւ այս մասնաճիւղը ունի առնուազն երկու խոր արմատներ. առաջինը սնունդ կ՛առնէ ՀՄԸՄի շուրջ մէկ դարեան վաստակէն ու աւանդութիւններէն, իսկ երկրորդը՝ Իրանի մէջ տասնամեակներ առաջ ՀՄԸՄի դրօշը բարձրացուցած Թեհրանի «Արարատ»էն: Մենք անձամբ կրնանք վկայել, թէ «Արարատ» մասնաճիւղը, իր ծնունդէն ասդին, ստեղծած է հարուստ վաստակ, որ կերտուած է հայ պատանիին ու երիտասարդին տրամադրուած մարզական, մարմնակրթական եւ ազգային-հայեցի դաստիարակութեան մարզերուն մէջ աննահանջ գործով: «Արարատ»ի Կլենտէյլի կեդրոններու հիմնադրութիւնն ու ճիւղաւորումը պերճախօս ապացոյցներ են այս միութեան արդիւնաւոր աշխատանքին»:
Ապա, առաջնորդ հայրը, գեղեցիկ անակնկալով մը «Աշխէն Թագուհի» շքանշանով պարգեւատրեց Ժասիկ æառահեանը, առ ի գնահատանք ՀՄԸՄէն եւ ընդհանրապէս գաղութէն ներս կատարած իր մարդասիրական կամաւոր ծառայութիւններուն: Եզակի այս պարգեւատրումը ուրախալի անակնկալ էր պարգեւատրեալին ու ներկաներուն համար:
Հարիւրաւոր ներկաներ յոտնկայս եւ երկարաշունչ ծափողջոյններով ընկալեցին æառահեանի նշեալ զոյգ պարգեւատրումները: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ պարգեւատրեալ Ժասիկ æառահեանը: Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած զոյգ պատիւներուն համար եւ ընդգծեց. ««Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանը 14 տարեկանից եղաւ ինձ ուղեցոյց՝ յարատեւ ծառայելու ՀՄԸՄի ընտանիքի միջոցով իմ ազգիս: Նա ինձ տուեց այն առիթը, որ ես կատարելագործեմ թէ՛ իբրեւ հայ անհատ եւ թէ իբրեւ միութենական, եւ միեւնոյն ժամանակ՝ շփուելու փորձառու ու նուիրեալ քոյր եւ եղբայրների հետ: Միութենական ասպարէզը եղաւ կեանքիս դպրոցը, որին պարտական եմ իմ անձնական կեանքի բոլոր յաջողութիւնները: Ուրախ ու հպարտ եմ, որ այդ արմատները այնքա՛ն հզօր են եղել իմ մէջ, որ ես կարողացել եմ այդ ոգին փոխանցել իմ յաջորդ սերունդին»:
Ջառահեանի հաստատումով՝ Պարսկաստանի «Արարատ» միութիւնը եւ այնուհետեւ ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը եղած են իր հարազատ տունը, որուն համար ալ հպարտ է ան:
Ձեռնարկի պաշտօնական առաջին բաժինի ամբողջացումէն ետք, երեկոն խանդավառեց Allen J. նուագախումբը, իր հայկական եւ միջազգային երգերով ու պարեղանակներով:
Պաշտօնական յայտագիրի երկրորդ բաժինով կատարուեցաւ օրուան մոմավառներու ներկայացումը: 55 մասնաճիւղի անդամներ եւ համակիրներ սիրայօժար ընդունած էին «Քաւոր»ի պարտականութիւնը. անոնք մէկ առ մէկ ներկայացուեցան: Ձեռնարկի վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի 35ամեակը խորհրդանշող կարկանդակի հատումը:
Զուարթ մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ վաղ առաւօտ: