ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՖՐԵԶՆՕ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 20ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան հերթական ժողովը՝ ներկայութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Վիգէն Յովսէփեանի եւ Գօգօ Թօփալեանի, ինչպէս նաեւ՝ շրջանի ընկերներուն:
Ժողովէն առաջ, կոմիտէն նախաճաշով հիւրասիրեց ներկաները, ապա շարունակուեցաւ հերթական ժողովը ընկերական մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:
Ժողովի աւարտին, հիւրերն ու ընկերները, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտներուն եւ պատասխանատուներուն, ուղղուեցան դէպի «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատուն, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ նախագահութեամբ Հրանդ քհնյ. Սրապեանի:
Պօղոս Հանտեան, Ժագ Յակոբեանի «Մենք» քերթուածով իր մասնակցութիւնը բերաւ, իսկ հանդիսավար Մհեր Շխրտմեան հրաւիրեց Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ: Ան ներկաներուն ուղղելով իր խօսքը՝ յորդորեց, որ միակամ ըլլան, ապրին ու գործեն միասնաբար, մեր հերոս տղոց տեսլականով: Ապա յուշարձանի պատուանդանին զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը:
ՀՕՄուհի Տիրուհի Գիւբէլեան Վիգէն Յովսէփեանին նուիրեց զինանշան մը, որ տարիներ առաջ Ա. Ահարոնեանի կինը նուիրած էր բարերար Սարգիս Պօղոսեանին, որ իր կարգին զայն կտակած էր զինք խնամած Տիրուհի Գիւբէլեանին:
Նոյն օրը, կազմակերպութեամբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ քրիստոնէական դաստիարակչութեան յանձնախումբին, Հայ Մօր Տարուան առիթով, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մայրերուն նուիրուած դասախօսութիւն մը՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանի Տէրունական աղօթքէն եւ սեղաններու օրհնութենէն ետք, յանձնախումբի պատասխանատուներ Կարօ Փոլատեան եւ Սաթենիկ Սանիկեան միասնաբար կատարեցին հանդիսավարութիւնը: Անոնք, ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք՝ յարեցին. «Այս ձեռնարկով, մենք ալ փափաքեցանք մեր որդիական սէրն ու գուրգուրանքը յայտնել մեր մայրերուն»:
Տոքթ. Կարինէ Վասիլեան՝ հայերէնով, Հին ու Նոր Կտակարաններէն, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթի անդաստանէն գեղեցիկ մէջբերումներով արժեւորեց հայ մօր առաքինութիւնները եւ յուզումով ըսաւ. «Ինչպէ՞ս մոռնալ եւ չյիշել այն պաշտելի մայրերը, որոնք Տէր Զօրի անապատներուն մէջ եղան եկեղեցի, դպրոց եւ հայրենիք»: Ապա իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Զուր չէ, որ մեր ժողովուրդը իր ամէնէն վեհ ու նուիրական սրբութիւններուն տուած է «Մայր» մակդիրը՝ զանոնք կոչելով «Մայր եկեղեցի», «Մայր Հայաստան», «Մայր լեզու», «Մայր հայրենիք»»: Տոքթ. Կարինէ Վասիլեան, վաղամեռիկ բանաստեղծին «Մօր Ձեռքերը» քերթուածով աւարտեց իր մտային թափառումները:
Բեմ հրաւիրուեցաւ երկրորդ պատգամաբերուհին՝ Ֆլորա Իսրայէլեանը, որ անգլերէն լեզուով հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայ մօր կերպարին՝ ներկայացնելով անոր առաքինութիւններն ու նուիրումի ոգին, իր ընտանիքին եւ զաւակներուն նկատմամբ:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Նունէ Խաչիկեան՝ ապրումով մեկնաբանելով Յ. Շիրազի «Յուշարձան Մայրիկիս» քերթուածը, եւ Ալին Պաղտասարեան՝ դաշնամուրի վրայ գրաւիչ նուագներ կատարելով: