
Հոկտեմբեր 26ին Պերլինի հայ համայնքը, աւելի քան 150 հրաւիրեալներու ներկայութեամբ, որոնց կարգին նաեւ գերմանական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, տօնեց իր 90ամեակը հովանաւորութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին եւ Պերլինի Շարլոթենպուրկ շրջանի քաղաքապետին:
Ձեռնարկի սկիզբը Վարդգէս Ալեանաք, իբրեւ համայնքի ներկայացուցիչ, ողջունեց հրաւիրեալները մասնաւորաբար շեշտելով նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ներկայութիւնը, զայն բնութագրելով գօտեպնդման արարք մը՝ հին, բայց փոքրածաւալ մնացած Պերլինի հայ համայնքին համար:
Իր խօսքին մէջ Ալեանաք կոչ ըրաւ գերմանական իշխանութիւններուն, իրենց պատմական պատասխանատուութիւնը գիտակցելով, չսահմանափակուելու հռետորային արտայայտութիւններով, այլ գործնական մօտեցումներով սատար կանգնելու հայ ժողովուրդի խաղաղ եւ ապահով զարգացման: «Պէտք է յիշել, որ չարաշուք դահիճը՝ Թալէաթը, եւ իր ընկերները կը կարծէին, թէ իրենց ապաստանը հոս՝ Պերլինի մէջ, գերմանական իշխանութեան ապահովութեան ներքոյ պիտի կարենան գտնել: Պերլինը պէտք ունի հայերու դէմ գործած ոճիրը յիշեցնող կոթողի մը, յիշողութեան վայրի մը», աւելցուց պարոն Ալեանաքը:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իր յուզիչ եւ քաջալերող խօսքերուն մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ Սփիւռքի գոյատեւման պայքարին սատարելու վճռականութեան, որուն լաւագոյն արտայայտութիւնը 5 տարի առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանով ստեղծուած սփիւռքի նախարարութիւնն է՝ շեշտելով, որ սփիւռքի նախարարութիւնը հայրենիքի մէջ Սփիւռքի ներկայութիւնն ու ներկայացուցչութիւնն է:
Հրանոյշ Յակոբեան Գերմանիան բնութագրեց վայր մը, ուր դեռեւս դարասկիզբին ուսած են բազմաթիւ հայ մտաւորականներ, ինչպէս, օրինակ՝ Կոմիտասը:
Նախարարը Գերմանիան բնութագրեց նաեւ վայր մը, ուր հայերը Բ. Համաշխարհային պատերազմին հետեւանքով հազիւ դուրս ելած դժոխքէն, կրկին մատնուեցան ազգայնապաշտութեան դժոխային ճամբարներու փորձութեան՝ իբրեւ գերիներ, որոնցմէ շատերը զոհուեցան:
Հակառակ այս պատմական փորձառութեան, Հրանոյշ Յակոբեան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ 60ական թուականներէն սկսած, Գերմանիոյ մէջ ապաստան գտան յատկապէս Թուրքիայէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն եկած հայերը, որոնցմէ շատերը այսօր գիտական, մշակութային եւ տնտեսական գետնի վրայ օգտակար տարրեր կր նկատուին:
Իր խօսքին մէջ հայ համայնքին հանդէպ նոյնանման գնահատական յայտնեց նաեւ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչը:
Օրուան բանախօսն էր Պոխումի համալսարանի դասախօս, Սփիւռքի եւ Ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն, փրոֆեսէօր Միհրան Տապաղ, որ յայտնեց, թէ աշխոյժ համայնք ըլլալու համար կարեւորագոյնը ոչ թէ անփոփոխ վայրի անհրաժեշտութիւնն է, այլ՝ որոշ հարցերու նոր սահմանումներ բերելու, նոր ճամբաներ փնտռելու եւ գտնելու կարողութիւնը:
Երեկոյի գեղարուեստական բաժինը ստանձնած էին Նիւրենպերկի օփերայի մենակատարներ Հրաչուհի Բազենցը եւ Գոռ Յարութիւնեանը: Դաշնակահարուհի Անահիտ Փաշատեանի նուագակցութեամբ հնչեցին արեւմտաեւրոպական եւ հայկական ստեղծագործութիւններ:
(Թղթակից)