
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6ին, Սուրիոյ մէջ երկու ուժգին պայթումներ առնուազն 16 զոհ խլեցին, մինչ տագնապը լուծելու ջանքերը կը շարունակուէին զանազան ճակատներու վրայ: Պայթումներէն առաջինը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Հիճազ հրապարակին վրայ՝ սպաննելով 8 քաղաքացի եւ վիրաւորելով 50 ուրիշներ:
Նաեւ, հարաւային Սուրիոյ Սուէյտա քաղաքին մէջ անձնասպանութեան դիմած զինեալ մը սպաննեց սուրիկական բանակի գաղտնի սպասարկութեան բաժանմունքէն 8 սպաներ: Սուէյտան մեծամասնութեամբ տիւրզիներով բնակեցուած քաղաք մըն է, որ իշխանութեանց ի նպաստ դիրքորոշուած է:
Միւս կողմէ, ռուս եւ ամերիկեան պատուիրակութիւնները Երեքշաբթի օր Ժընեւի մէջ դռնփակ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան՝ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի մասնակցութեամբ, քննելու համար «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի գումարման կարելիութիւնները: Հանդիպումէն ետք Իպրահիմի յայտնեց, որ խորհրդաժողովը պէտք է գումարուի առանց նախապայմաններու՝ նշելով, որ «սուրիական ընդդիմութեան շարքերուն մէջ եւ «Ժընեւ-2»ի ընթացքին անոր ներկայացուցչութեան շուրջ բազմաթիւ հարցեր գոյութիւն ունին»: Ան վստահեցուց, որ սուրիական ընդդիմութիւնն ու կառավարութիւնը այդ խորհրդաժողովին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան:
Իպրահիմի յայտարարեց, որ առայժմ «Ժընեւ-2»ի գումարման որոշ թուական մը գոյութիւն չունի՝ յոյս յայտնելով, որ անիկա կը գումարուի տարուան աւարտէն առաջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ «Ժընեւ-2»ը կրնայ այս տարուան աւարտէն առաջ գումարուիլ՝ աւելցնելով, որ «եռակողմ ձեւաչափով խորհրդակցական նոր հանդիպում մը կրնայ Նոյեմբեր 25ին տեղի ունենալ»: Ան ըսաւ, որ սուրիական ընդդիմութեան մասնակցութեան վերաբերող հարցերը պէտք է քննել, եւ որ՝ «այդ առնչութեամբ առայժմ յստակութիւն գոյութիւն չունի»:
Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած դռնփակ խորհրդակցութեանց մօտիկ աղբիւր մը յայտնեց, թէ խորհրդաժողովը Դեկտեմբերէն առաջ պիտի չգումարուի:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ, իսլամական նոր տարուան առիթով տեղի ունեցած ընդունելութեան մը ընթացքին, կոչ ուղղեց հրաժարելու սուրիական տագնապը արտաքին զինուորական միջամտութեամբ լուծելու գաղափարէն՝ վստահեցնելով, որ Ռուսիա Միացեալ Նահանգներու եւ Իպրահիմիի հետ աշխոյժ կերպով կը գործակցի «Ժընեւ-2»ի գումարման համար: Լաւրով շեշտեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ոչնչացման շուրջ համաձայնութիւնը կարեւոր է եւ անոր գործադրութիւնը կը շարունակուի:
Լաւրով յայտնեց նաեւ, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի յայտարարութիւնները արմատական կերպով կը հակասեն «Ժընեւ-1»ի հաղորդագրութեան՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ վարչակարգը փոխել ջանացողները աշխատանք կը տանին կացութեան վատթարացման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կառավարութեան ուսերուն բեռցնելու:
Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ սուրիացի քիւրտ զինեալներ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ իսլամական զինեալներու ձեռքէն յաւելեալ տարածքներ խլած են Երեքշաբթի օր: Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինեալ թեւի բանբեր Ռետուր Խալիլ յայտնած է, թէ քիւրտ զինեալները Ռասուլ Այն քաղաքն ու զայն շրջապատող բոլոր գիւղերը առած են իրենց վերահսկողութեան տակ: Ան ընդգծեց, որ իսլամականները չեն նահանջած, այլ՝ պարտութեան մատնուած:
Ըստ Մարդկային իրաւանց հսկողութեան սուրիական կեդրոնին՝ քիւրտերը շրջանին մէջ առնուազն 19 գիւղեր գրաւած են: