Յարգելի խմբագիր,

Կարինէ Տէր Գէորգեանի 9 Հոկտ. 2013ին հրատարակուած «Փարենք Հողին» «մտորումներուն» մէջ յիշուած «յարմարուել»ու եւ «խոնարհուել»ու յորդորին, խմբագրական վերապահութեամբ՝ համաձայն չէք եղած:
Եթէ աւելի յստակ բացատրութեամբ ներկայացնէիք խմբագրութեան անհամաձայնութինը, հաւանաբար ես ալ համաձայն պիտի չըլլայի, եթէ միայն չոր ու ցամաք «յարմարուել» եւ «խոնարհուել» բառերը գրուէին, իբրեւ ջիղ ու սկզբունք չունեցող անհատ, հաւաքականութին կամ ժողովուրդ:
«Ասպարէզ»ի ընթերցողը յստակ եզրակացութեան մը յանգած է՝ ընթերցելով «յարմարուել»ը, որ կը նշանակէ մեծ ճկունութիւն: Իսկ «խոնարհուել» չի նշանակեր զիջիլ եւ յանձնուիլ, այլ խոնարհ ըլլալ եւ համբերել՝ ըստ ժամանակի պահանջին:
«Ամէն անգամ չէ, որ ըմբոստանալն ու պայքարելը կարող են արդիւնքներ տալ»: Կեանքի մէջ, շատ պարագաներու, անհատներու, կառոյցներու, նոյնիսկ քաղաքական կեցուածքներու մէջ յարմարուիլը եւ խոնարհիլը դրական արդիւնքներ տուած են, եթէ ոչ օրին՝ գէթ ապագային:
Օրինակները բազմաթիւ են…
ՄԱՍԻՍ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ