
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նոյեմբեր 30ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին «Տարուան Անձնաւորութիւնը» պատիւը պիտի շնորհէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիին:
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը որոշեց «Տարուան Անձնաւորութիւնը» նկատել քաղաքապետ Էրիք Կարսեթին, ոչ միայն անոր շնորհակալութիւն յայտնելու համար, որ ան Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ պաշտօնավարութեան 12 տարիներուն ընթացքին լաւապէս ներկայացուցած էր Փոքրիկ Հայաստանը՝ ըլլալով համայնքի դաշնակիցն ու մօտիկ բարեկամը, այլ նաեւ ամրապնդելու համար իրեն հետ մեր երկարամեայ կապերը ներկայիս, երբ ան մեր սիրելի քաղաքին քաղաքապետը ընտրուած է: Խանդավառ ենք գործակցութեան հեռանկարներով, որոնք կ՛առնչուին Հայ Դատին վերաբերող հարցերը առաջնահերթութիւն դարձնելու գործին, հայութիւնը յուզող հարցերուն, քաղաքային կառավարութեան մէջ հայերուն արդար ներկայացուցչութիւնը ապահովելուն եւ ընդհնրապէս Լոս Անճելըս քաղաքի բարելաւման», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Քաղաքապետի պաշտօնը ստանձնելու առաջին հարիւր օրերուն ընթացքին, Կարսեթի արդէն իսկ կարեւոր քայլեր առած է՝ ցոյց տալով, թէ նեցուկ կը կանգնի քաղաքի հայութեան եւ պատրաստ է սերտացնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի յարաբերութիւնները եւ ընդարձակելու համագործակցութիւնը:
Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայ Դատէն պատուիրակութիւն մը մէկ ամիս առաջ հանդիպում մը ունեցած էր քաղաքապետ Կարսեթիի հետ՝ քննելով երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր ու խոստանալով գործակցութիւնը սերտացնել, յատկապէս՝ Լոս Անճելըս-Երեւան քոյր քաղաքներու յարաբերութիւնը բարելաւելով, նորարար միջոցառումներու որդեգրումով, քաղաքապետութեան մէջ աւելի մեծ թիւով հայ պաշտօնեաներու տեղեր ապահովելով ու շեշտելով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կենսական դերակատարութիւնը՝ քաղաքապետութեանց եւ հայ համայնքին յարաբերութեան մէջ:
Փոքրիկ Հայաստանը Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ներկայացնելու ընթացքին, Կարսեթի շարունակաբար կոչ ըրած էր Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որ ճանչնան Արցախի անկախութիւնը եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Հայութեան ի նպաստ անոր կեցուածքներուն մէջ յիշատակելի են յատկապէս Լոս Անճելըսի ու Երեւանի միջեւ քոյր քաղաքներու համաձայնագիրի ստորագրութեան ապահովման ի նպաստ տարուած աշխատանքը, ընտրական տեղեկութիւնները եւ քուէաթղթիկները հայերէնով տրամադրելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ՝ հայկական համայնքային շարք մը կազմակերպութեանց (ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկութիւն եւ ՀՅԴ) գործունէութիւնն ու որոշ ծրագիրներ կարելի դարձնող եւ ընդարձակող գումարներու ապահովում:
Հայ քուէարկողներու լայնածաւալ մասնակցութիւն ապահովելու նպատակով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ անոր տեղական մասնաճիւղերը Լոս Անճելըսի ընտրութեանց ընթացքին եւ անկէ առաջ յատուկ աշխատանք տարած էին:
«Քաղաքապետ Կարսեթի շարունակաբար դիմած է շինիչ քայլերու, որոնք նպաստաւոր եղած են ոչ միայն քաղաքի հայութեան, այլ ամբողջ բնակչութեան համար: Իբրեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ ան կրցաւ իր ընտրատարածքին մակարդակը զգալիօրէն բարձրացնել՝ գործի կարելիութիւնները աւելցնելով, երիտասարդութեան յատուկ ծրագիրներու որդեգրումով, նուազեցնելով ոճիրներու համեմատութիւնը, կանաչապատ տարածքները ընդարձակելով եւ ամավարկը հաւասարակշռելով, միաժամանակ՝ հանգստեան կոչուած քաղաքի պաշտօնեաներուն հատուցումներու համակարգը բարեկարգելով: Ուրախ ենք, որ առիթ պիտի ունենանք զինք «Տարուան Անձնաւորութիւնը» մրցանակով պատուելու՝ մեր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան:
Յիշեցնենք, թէ Հայ Դատի ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին նաեւ Ճերի Թարխանեանը, Մանաս Պուճիքեանը, Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Խաչօ Աշաճեանը եւ Արա Սիւտճեանը:
Լոս Անճելըսի «Ռոյ Տոլպի» սրահին մէջ կայանալիք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին եւ անոր զուգահեռ կայացող խորհրդաժողովին մասնակցելու համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ այցելել www.itsmyseat.com/ANCAWR ու Facebook.com/ANCAWesternRegion կայքէջերը: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել ancawr.org կայքը: