
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 16 Նոյեմբերին կայացած Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան 18րդ համագումարին նախագահ վերընտրուեցաւ Մկրտիչ Մինասեանը:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին միութեան վերընտրուած նախագահ Մկրտիչ Մինասեան հաստատեց, որ պիտի շարունակէ միութեան կիսատ մնացած գործերը: Անոր համաձայն, միութիւնը սեղանի վրայ պիտի դնէ սկզբունքային նոր հարցեր՝ ճարտարապետներու գործունէութեան նոր օրէնքին վերաբերեալ: «Մեր խնդիրն է օրէնքը համապատասխանեցնել Ճարտարապետների միջազգային միութեան կանոնադրութեանը», նշեց ան:
Անոր համաձայն, միութիւնը արտակարգ նիստեր կը գումարէ հանրապետութեան տարբեր քաղաքներուն մէջ: «Մենք առաջ սահմանափակւում էինք միայն մայրաքաղաք Երեւանով, բայց հիմա մեր օրակարգում կը լինեն նաեւ մարզերը», ըսաւ Մինասեան:
Ան հաստատեց, որ յատկապէս մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի երիտասարդներու ուսուցման հարցերուն: «Ճիշդ է, Երեւանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարանը տալիս է անհրաժեշտ կրթութիւն, բայց մենք ցուցահանդէսների, մրցոյթների միջոցով երիտասարդ ճարտարապետների կրթութեան մակարդակը հասցնելու ենք այսօրուայ չափանիշներին», աւելցուց ան: