
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ, 17 Նոյեմբերին Մոսկուայի առաջնորդանիստ Ս. Պայծառակերպութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է շքանշաններու տուչութեան արարողութիւն։ Սուրբ եւ Անմահ պատարագի աւարտին վեհափառ հայրապետը Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորի»չ եւ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշաններ եւ օրհնութեան գիրեր յանձնած է Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի 122 բարերարներու՝ առ ի գնահատանք անոնց ազգօգուտ եւ եկեղեցաշէն գործունէութեան:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Գարեգին Բ. կաթողիկոս ըսած է. «Այսօր ուրախութիւն է մեզ համար, որ մեր եկեղեցու հաւատաւոր զաւակներին արժանին մատուցեցինք եւ նրանց կուրծքը զարդարեցինք մեր եկեղեցու բարձր պարգեւներով, քանզի իրենց արդար վաստակի արդիւնքն ընծայաբերում են բարին արարելու, հայրենիքը շէնացնելու, եկեղեցին պայծառացնելու նուիրական սուրբ գործի համար: Արադարեւ, շքեղաշուք այս կառոյցը, աղօթքի այս տունը փառաբանութիւն է ինչպէս մեր ազգի, այնպէս մեր բարերար զաւակների համար». ան աւելցուցած է, որ մոսկուաբնակ հայորդիները կարելիութիւն պիտի ունենան Ս. Պայծառակերպութիւն եկեղեցւոյ մէջ աղօթելու եւ մասնակցելու սրբազան արարողութիւններուն:
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ գնահատանքով յիշած է լուսահոգի Մուրադ Սարգսեանն ու Մերուժան Լալայեանը, որոնք նոյնպէս ժամանակին իրենց կարեւոր մասնակցութիւնը բերած են առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն: Ան իր օրհնութիւնը տուած է թեմակալ առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանին՝ թեմի հոգեւոր կեանքի աշխուժացման եւ եկեղեցական համալիրի կառուցման համար:
Այնուհետեւ եկեղեցական համալիրի սեղանատան մէջ տեղի ունեցած է հաւաքոյթ, որուն ընթացքին հրամցուած է գեղարուեստական ծրագիր: