
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Համաշխարհային հայկական կոնգրեսը կը յայտարարեն «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» Սփիւռքի լրատուամիջոցներու մրցոյթ:
Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ վերջին երեք տարուան ընթացքին (2011-2013թթ.) եւ մինչեւ այսօր Սփիւռքի մէջ գործող լրատուամիջոցները, որոնք իրենց ուշադրութեան կեդրոնը կը պահեն հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի եւ կրթութեան, ինչպէս նաեւ ազգային այլ հարցեր՝ հրապարակելով նշուած թեմաներով յօդուածներ, հարցազրոյցներ, ակնարկներ կամ սփռելով հաղորդումներ, հաղորդաշարներ եւ այլ նիւթեր: Մրցոյթին կը ներկայացուին 2013 թուականին հրապարակուած նիւթերը:
Մրցոյթը կ՛իրականացուի հետեւեալ անուանակարգերուն համար.
– Տպագիր լրատուամիջոց (թերթ, հանդէս)
– Հեռուստաալիք-հեռուստաժամ
– Ռատիօալիք-ռատիօժամ
– Համացանցային լրատուամիջոց
– Պլոք:
Իւրաքանչիւր անուանակարգին մէջ սահմանուած են գլխաւոր եւ խրախուսական մրցանակներ:
Անոնք, որոնք կ՛ուզեն մասնակցիլ մրցոյթին, մինչեւ 15 Փետրուար 2014 Մրցութային յանձնաժողովին պէտք է ուղարկեն Մասնակցութեան յայտ եւ 2013 տարեշրջանի գործունէութեան ամփոփագիր մը:
Իւրաքանչիւր լրատուամիջոց մրցոյթին կրնայ մասնակցել միայն մէկ անուանակարգի համար:
Նախորդ մրցոյթին գլխաւոր մրցանակակիրները հրաւիրուած են մասնակցելու Մրցութային յանձնաժողովի աշխատանքներուն:
Տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել հետեւեալ հասցէներուն՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն, ՀՀ 0010, Երեւան, Վ. Սարգսեան 26/1 Ել. փոստ՝ info@mindiaspora.am, mindiaspora@yahoo.com, Հեռաձայն՝ +(374 10) 58 56 01-109: