Պոլսոյ «Մարմարա»ն կը գրէ.- «Թաքսիմի «Կեզի» հանրապարտէզի ու մերձակայքի շինութեան ընթացքին ճամբու եզերքը կատարուած պեղումները երեւան հանեցին 19 գերեզմանաքարեր, որոնք անշուշտ կը պատկանէին այնտեղ գտնուած երբեմնի հայոց գերեզմանատան։ Երեւան հանուած գերեզմանաքարերուն վրայ շատ յստակ կերպով կը կարդացուէին հայերէն տառերը։
Գերեզմանաքարերու յայտնաբերումէն ետք Իսթանպուլի մայր քաղաքապետութիւնը տէր կանգնեցաւ անոնց ու զանոնք տեղադրեց Հնագիտութեան թանգարանին մէջ։ Հնագիտութեան թանգարանէն հնագէտ Պեքիր Թուլուք անցեալ շաբաթ պատրիարքարանը տեղեակ պահեց գերեզմանաքարերու գոյութենէն, պատրիարքարանն ալ այս մասին պաշտօն յանձնեց Շիշլիի գերեզմանատան վարչութեան։ Շիշլիի գերեզմանատան տնօրէն Ալիքսան Տատեան շարժման անցաւ ու տէր կանգնեցաւ գերեզմանաքարերուն, այսպէս՝ 19 գերեզմանաքարերը յանձնուեցան Շիշլիի գերեզմանատան տնօրէնութեան։ Քարերը ներկայիս տեղադրուած են կեդրոնի՝ ընդհանուր նահատակաց յատկացուած բաժինին քով»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.