
ԵՐԵՒԱՆ.– Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը (ՀԾԿՀ) 27 Նոյեմբերին գումարած իր ժողովին ընթացքին համաձայնութիւն տուած է «Որոտանի հիդրոէլեկտրակայանների համալիր»ը վաճառել ամերիկեան «Քոնթուրկլոպըլ Հիտրոքասքատ» ընկերութեան:
ՀԾԿՀի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Որոտանի հիդրոէլեկտրակայանների համալիրի» ՓԲԸի գոյքն է՝ Սպանդարեանի հիդրոէլեկտրակայանը, Շամբի հիդրոէլեկտրակայանը, Տաթեւի հիդրոէլեկտրակայանը եւ նշուած հիդրոէլեկտրակայանների շահագործման համար անհրաժեշտ շէնքեր, շինութիւններ եւ այլ օժանդակ սարքաւորումներ»:
Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթ յստակացաւ, որ ամերիկեան ընկերութիւնը նպատակ ունի 180 միլիոն տոլարի ներդրում կատարելու Հայաստանի ջրելեկտրականութեան ոլորտին մէջ: