
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հրաւէրով, 2 Դեկտեմբերին պետական այցելութեամբ Հայաստան պիտի այցելէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ այցելութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Փութին-Սարգսեան հանդիպում։ Անոնք Գիւմրի քաղաքին եւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ պիտի մասնակցին շարք մը նախաձեռնութիւններու, որոնց կարգին՝ հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային համաժողովին, պիտի այցելեն նաեւ Գիւմրիի մէջ տեղակայուած 102րդ ռուսական ռազմակայան:
Նախագահական պալատին մէջ պիտի կայանան երկկողմանի բանակցութիւններ: Կողմերը պիտի քննարկեն Սերժ Սարգսեանի՝ 2013 թուականի Սեպտեմբեր 3ին Ռուսիա կատարած այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան ընթացքը, միտքեր պիտի փոխանակուին նաեւ Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածքին Հայաստանի միանալու գծով իրականացուող աշխատանքներուն եւ հետագայ քայլերուն մասին: Պիտի ստորագրուին երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ու համագործակցութեան խորացման միտող կարգ մը փաստաթուղթեր:
Ռուսիոյ նախագահին հայաստանեան այցելութիւնը պիտի եզրափակուի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումով: