ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիա Նաու».– Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հայաստան տուած այցելութեան եւ Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան անդամակցութեան դէմ իբրեւ բողոք քանի մը հարիւր քաղաքացիներ 2 Դեկտեմբերին Երեւանի կեդրոնը երթ կայացուցին: Մեծաթիւ ոստիկաններու խիստ հսկողութեան տակ կայացած երթին ընթացքին շուրջ երեք տասնեակ քաղաքացիներ բերման ենթարկուեցան ոստիկանութեան բաժիններ, քանի որ անոնց արգելուեցաւ ուղղուիլ դէպի Բաղրամեան 26՝ նախագահական նստավայր:
«Արմէնիա Նաու»ի թղթակից Սիրանոյշ Գէորգեան կը գրէ, թէ բողոքի ցոյցին նախաձեռնած էին քանի մը կուսակցութիւններ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ ներառող «Արժանապատիւ Հայրենիք» նախաձեռնութիւնը: Բողոքին հիմնականօրէն կը մասնակցէին երիտասարդներ, Ժառանգութիւն կուսակցութենէն՝ Արմէն Մարտիրոսեանը, Զարուհի Փոստանջեանը, Ազատ Դեմոկրատներ կուսակցութենէն՝ Անոյշ Սեդրակեանը եւ իրաւապաշտպաններ: Այլ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ չկային:
Ցուցարարները բարձրացուցին «Փութին կօ հոմ», «Ինքնիշխան Հայաստան» եւ այլ կարգախօսներով պաստառներով, Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ դրօշներ (առ ի զօրակցութիւն ուքրանական իշխանութիւններուն դէմ բողոքող քաղաքացիներուն) ու «Սերժիկ, հեռացի՛ր», «Պուտին, հեռացի՛ր», «Ազատ, անկախ Հայաստան» բացագանչելով Ազատութեան հրապարակէն երթով ուղղուեցան դէպի Հիւսիսային պողոտայ, ուր (պողոտային վերջաւորութեան) անոնց դիմաց յայտնուեցաւ ոստիկաններէն կազմուած «պատը»։ Ցուցարարներուն հետ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք ոստիկանութիւնը անոնց թոյլատրեց երթալ կառավարութեան շէնքին առջեւ: Սակայն երբ ցուցարարները Հանրապետութեան հրապարակէն ուղղուեցան դէպի Ամիրեան փողոց, ոստիկանութիւնը աւելի վճռականօրէն կասեցուց երթը եւ բերման ենթարկեց մօտ 30 քաղաքացիներ:
Ոստիկանները, որոնց գործողութիւնները անձամբ կը ղեկավարէին Երեւանի ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեանը եւ փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը, երթի մասնակիցներուն առաջարկեցին տեղափոխուիլ մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի յարակից տարածք՝ փոխարէնը առաջարկելով ազատ արձակել ձերբակալուած քաղաքացիները։ Ցուցարարները համաձայն գտնուեցան եւ տեղափոխուեցան «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի մերձակայքը:
Մինչ այդ, 2 Դեկտեմբերի առաւօտեան տասէ աւելի գործիչներ եւս ձերբակալուած էին, հաւանաբար, քաղաքի տարբեր մասերուն մէջ Փութինի դէմ գրութիւններ կրող պաստառներ զետեղելնուն համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.