Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան ծիրին մէջ Հայաստանի հաւաքականը 3 անընդմէջ անյաջող խաղերէ ետք, 3 Դեկտեմբերին՝ 7րդ հանգրուանին 3:1 հաշիւով առաւելութիւն արձանագրեց Թուր քիոյ դէմ:
Լեւոն Արոնեանն ու Գաբրիէլ Սարգսեանը սպիտակ խաղաքարերով առաւելութեան հասան համապատասխանաբար Ալեքսանտր Իպատովի եւ Մուստաֆա Հիլմազի նկատմամբ, իսկ Վլադիմիր Յակոբեանն ու Տիգրան Պետրոսեանը սեւերով հաւասարեցան Տրական Սոլաքին եւ Էմրէ Քանին։
Ներկայ դրութեամբ Հայաստանի հաւաքականը ունի 8 միաւոր եւ մրցանակային դիրքի հասնելու չնչին կարելիութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.