
ԹԱՀԱՆԿԱ.- Արեւմտեան թեմի երգչախումբերու 10րդ համագումարը, նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 16ին, Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Նախքան համագումարը, սրբազանը Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց՝ գնահատելով թեմէն ներս նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող բոլոր սարկաւագներուն, դպրապետներուն, դպիրներուն եւ Երգչախումբերու կեդրոնական խորհուրդին: 14 ծուխերէն ժողովին մասնակցող պատգամաւորներ կատարեցին պատարագի երգեցողութիւնը՝ ղեկավարութեամբ Էլիզ Թաշճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Պեն Գրիգորեանի: Հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարուեցաւ թեմի վախճանած դպրապետներու հոգիներուն համար:
Համագումարին մասնակցեցան հոգեւոր հովիւները, դպրապետներն ու երգչախումբերու պատգամաւորները: Համագումարի ատենապետն էր տոքթ. Սարգիս սրկ. Մեսրոպեան: Խորհուրդի ատենապետ Լուսի Թաշճեան եւ գանձապահ դոկտ. Արի սրկ. Տեմիրալ ներկայացուցին տարեկան տեղեկագիրը: Կատարուեցաւ կեդրոնական խորհուրդի անդամներու մասնակի ընտրութիւնը եւ ընտրուեցան Վազգէն Ազիայեան, Մարիան Տէրտէրեան, Առլին Սարեան եւ Փաթրիշիա Ատրեան:
Կէսօրէն ետք տեղի ունեցաւ աշխատանիստ, որուն ընթացքին դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան բանախօսեց Արեւագալի արարողութեան մասին, ապա տարբեր եղանակներով Արեւագալի արարողութենէն որոշ մասեր երգուեցան:
Առաջնորդը կատարեց փակման խօսքը եւ խորհրդանշանական նուէրներ յանձնեց Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանին, Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանին, Պեն Գրիգորեանին, Էլըն Եղիա սրկ. Ճենտեանին, տոքթ. Սարգիս սրկ. Մեսրոպեանին, Տեպի Տէրտէրեանին եւ Լուսի Թաշճեանին: Ան «Պահպանի»չով փակեց համագումարը: