
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Երեքշաբթի, 3 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հաւաք մը՝ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամներ, ուղեկից միութիւններու ու ՀՅԴ կոմիտէներու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով բարերարներ:
Ընթրիք-հաւաքը վարեց Սարգիս Արմէնեան: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կը կանգնին ՀՅԴի գործունէութեան: Ան հաստատեց, որ ցուցաբերուած այս նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը յաւելեալ յանձնառութեան տակ կը դնէ կուսակցական կառոյցը՝ իր գործունէութիւնը աւելի ծաւալելու:
Ընթրիք-հաւաքին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴի համահայկական եւ քաղաքական բազմածաւալ գործունէութեան՝ նշելով այս ծիրին մէջ այսօրուան առաջնահերթութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ վեր առնելով համակիրներու ու նուիրատուներու զօրակցութիւնը ՀՅԴի նկատմամբ: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց ընդհանուր գործին մէջ բարերարներուն ցուցաբերած անվերապահ ներդրումը, «որուն վրայ գումարուելով դաշնակցականի քրտինքը, մենք կրնանք հետապնդել մեր առաջադրանքները», ընդգծեց ան:
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ յայտարարուեցաւ նուիրատուներու ցանկը: 650,000 տոլար գոյացաւ ի նպաստ ՀՅԴի գործունէութեան եւ Հայ դատի աշխատանքներուն: