
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Հայաստանի մէջ մարդկային մաքսանենգումին առնչուող դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ. ընթացքին, այս նիւթին առնչուող իր վէպին՝ «A Place Far Away»ին, մասին պիտի խօսի Վահան Զանոյեանը:
Ներկայիս Հայաստանի մէջ բարեսիրական շարք մը ծրագիրներու մէջ ներդրում ունեցող Զանոյեանը որոշած է վէպի վաճառքէն գոյացած հասոյթը տրամադրել Հայաստանի մէջ շահագործուող կանանց ու երեխաներուն օժանդակող երկու կազմակերպութեանց:
Զանոյեան, նշեալ վէպին կողքին, հեղինակն է նաեւ բանաստեղծական երկու հատորներու. տնտեսագիտութեան ու քաղաքական գիտութեանց մարզերուն մէջ վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ու Փենսիլվանիոյ համալսարանէն: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr., Sherman Oaks, CA): Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: