ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 5 Դեկտեմբերին Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ փակ քուէարկութիւն՝ որոշելու Հայաստանի նախագահի մրցանակին առաջադրուած գիրքերուն յաղթողը:
Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք յայտարարուած է, որ այս տարուան լաւագոյն ստեղծագործութիւնը Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանի «Է» գիրքն է. Միլիտոնեան որպէս մրցանակ պիտի ստանայ նաեւ 10,000 տոլար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.