ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մանուկներու նկատմամբ ներկայ աշխարհը բծախնդիր մօտեցում ցուցաբերել կը թելադրէ: Ուսումնական ու կրթական հաստատութիւններէ սկսեալ մինչեւ համալսարաններն ու բարձրագոյն կրթութեան այլ օճախները, նորահաս սերունդին նկատմամբ ուշադրութիւնը կը բարձրացնեն վերին աստիճանի:
Իրենց զաւակներով մտահոգ ծնողները չէ՛ որ այս բծախնդրութիւնը գործադրելու ստիպեցին մարդկութիւնը, այլ քաղաքակրթուող աշխարհը ի՛նք պարտադրեց ատիկա մարդոց եւ հետեւողական աշխատանքով կը հետապնդէ անկարգները ու «Մանուկներու Իրաւունք»ի անունով կը պատժէ զանոնք:
Մանուկներու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ, յատկապէս երրորդ աշխարհեան երկիրներու մէջ կը հետեւին ընտանիքներէն սկսեալ մինչեւ խնամատարական, հիւանդանոցային, դարմանատնային ու կրթական հաստատութիւններու կեանքին ու գործունէութեան, տեսնելու համար թէ՝ արդեօք վայրագութիւն կը տիրէ՞ ընտանիքէն ներս, կամ արդեօք մարդասիրակա՞ն օժանդակութեանց անունին ներքեւ ծպտուած՝ մանուկներու շահագործում տեղի կ՛ունենայ:
Յատկապէս աղքատ երկիրներու պարագային, աշխատող մանուկները ուսման ուղարկելու եւ անտէր երեխաները փողոցէն տուն դարձնելու ջանքերը համապատասխան կազմակերպութիւններու պիւտճէին տարեկան մեծ տոկոսը կը սպառեն, մարդկութիւնը փրկելու համար այլ տեսակի աղէտներէ: Դրամական յատկացումներէ բացի տակաւին կայ մարդոյժի տրամադրումը, որ նուիրեալներու փաղանգ կը պահանջէ: Իսկ այսօր անձնուրաց մարդոց թիւը երթալով կը նուազի մարդկային ընկերութեան կեանքէն ներս: Ամէն ինչ շահի վրայ հիմնող ու փոխան բարձր վարձատրութեան աշխատանք փնտռող երիտասարդութեան թիւը ամէն տեղ աճ կ՛արձանագրէ: Իր ուսումը հազիւ աւարտած երիտասարդութիւնը անմիջապէս կը ջանայ քիչ աշխատանքով մեծ վարձատրութիւն խոստացող գործ ճարել: Նոյնիսկ մարդասիրական կազմակերպութեանց կողմէ կամաւորներու համար կատարուող կոչերը երբեմն անարձագանգ կը մնան, իսկ այդ կազմակերպութիւնները կը ստիպուին բարձր թոշակներով պաշտօնեաներ վարձելու, իրենց առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակելու համար: Անշուշտ բացառութիւններ ու ներքին ձայնին անսացող կոչեցեալներ անպայման կը գտնուին, տարբեր երկիրներու եւ տարբեր ազգութիւններու մէջ, սակայն անոնց թիւը զգալի նուազում կ՛արձանագրէ գրեթէ ամէն տեղ:
Մարդասիրական հիմնարկութեանց ուշադրութեան առարկան մանուկներն են աւելի, քան՝ մեծերը: Նայեցէ՛ք պատերազմական դրութեան մէջ գտնուող երկիրներու վրայ իրենց լուսարձակը դարձնող լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն: Գրեթէ ամէնքն ալ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն երեխաներու կրած տառապանքին, անօթեւան ու անուսում մնացած անչափահասներու առօրեային, ու այդ ամէնուն պատասխանատու կը ներկայացնեն մեծերը:
«Մեծեր»ը անպայման պատերազմական յարձակումներու հրահանգները տուողներու շարքերուն մէջ պէտք չէ՛ փնտռել: Մանուկներու ապրած կեանքի ընթացքին զանոնք իրենց ուղիղ ճամբէն շեղողներն ալ պէտք է նոյնքան վտանգաւոր հրահանգներ տուող նկատել, որքան պատերազմի փողը հնչեցնելով, անոնց մահուան պատճառ եղողները: Մէկ պարագային մանուկը ֆիզիքապէս պիտի մեռնի, միւս պարագային՝ կենդանի նահատակութեամբ պիտի ապրի իր ամբողջ կեանքը:
Առաջին պարագային, այսինքն՝ պատերազմի հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցնող մանուկներու պարագային, եթէ օրուան քաղաքական դրութիւնը յանցաւոր պէտք է նկատենք, սակայն երկրորդի պարագային, պէտք է փնտռել իսկական յանցաւորը: Այդ յանցաւորներու շարքին կրնան ըլլալ ծնողներէն սկսեալ մինչեւ բոլորովին օտարականներ:
Մանուկներու կեանքին սպառնացող վտանգները միայն անոնց ֆիզիքականին հասնող փորձանքները չեն, այլ՝ մանաւանդ հոգիին, որ տակաւին լոյծ վիճակի մէջ, պատրաստ է ընկալելու ամէն ինչ, որ կը տրուի իրեն: Մանկական վստահութիւնը զինք սնուցանողին նկատմամբ, ամբողջակա՛ն վստահութիւն է: Մանուկը բնաւ չի՛ կասկածիր թէ զինք պաշտպանող «մեծ»ը կրնայ վնաս հասցնել իրեն: Ուստի ամբողջական պատրաստակամութեամբ անձնատուր կ՛ըլլայ անոր:
Այս վստահութիւնը շահագործողներու մէջ կ՛ըլլան նաեւ երբեմն ծնողներ ու հարազատներ, որոնք տգիտութեան, անդաստիարակութեան ու երբեմն այլ պատճառներով կը թունաւորեն մանուկին միտքն ու հոգին: Անոնք կրնան թունաւորել մանուկին ուղեղը, զայն թշնամացնելով նոյնիսկ շատ հարազատ անձնաւորութեան մը, զոր միայն անունով կը ճանչնան դեռ ու չունին կարողութիւնը վերլուծելու անոր բուն ինքնութիւնը: Դատելու կարողութեան պակասը մանուկին մէջ, այսպիսով կը շահագործեն անոնք, մանուկին մեղքը իրենց վիզը առնելով:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ մանուկները չգայթակղեցնելու, զանոնք ճշմարտութենէն չշեղելու մասին ազդարարութիւն կայ, որ եթէ բառացիօրէն գործադրութեան դրուի՝ ահաւոր արդիւնքի կը հասցնէ մարդը: Ան կ՛ըսէ, թէ մանուկը գայթակղեցելու նպատակ ունեցող եթէ ըլլայ, աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ իր վիզէն իշու երկանաքար կապեն ու ծովը նետեն (Հմմտ Ղկ 17.2):
Սա ամէնէն լաւ «մանեակ»ն է, զոր Յիսուս յարմար կը գտնէ մանուկները գայթակղեցնել փորձողներուն համար: Իսկապէս ալ բացարձակ «իշութիւն» է մանուկներու կազմաւորուող ուղեղները դէպի չար, դէպի վատ, դէպի ատելութիւն, դէպի ոխ ու քէն ուղղելը, որովհետեւ անոնք ո՛չ մէկ յանցանք ունենալով, դատաստանի առջեւ պիտի չկանգնին: Այլ՝ անոնց փոխարէն պիտի կանչուին անոնք, որոնք այդ ամէնը սորվեցուցին այդ մանուկներուն…
Իսկ ի՞նչ կրնայ ըլլալ վախճանը:
Յիսուսի նշած «մանեակ»ը թէեւ ուշացած, սակայն դարձեալ պիտի անցուի այդպիսի մարդոց վիզէն, ու փոխանակ ջուրի՝ կրակէ լիճին մէջ (Հմմտ Յյտ 19.20) պիտի նետուին անոնք: Ուրեմն, այդ «մանեակ»ը երկու առիթներով կրնայ գտնել այն մարդիկը, որոնք մանուկներու կեանքի փճացման պատճառ կը հանդիսանան՝ ա) իբրեւ նախազգուշացում եւ արգելք, եւ բ) իբրեւ պատիժ:
Մանուկներուն կեանքը միշտ աւելի թանկագին համարուած է, քան՝ մեծերուն կեանքը: Վտանգի պարագային, ամէնքն ալ հետամուտ կ՛ըլլան նախ մանուկներու կեանքը փրկելու, յետոյ՝ մեծերուն: Այս արարքին մէջ անշուշտ կայ անոնց տկար ու անպաշտպան ըլլալու պարագան, սակայն միւս կողմէ՝ անոնց ապագայ կեանքը, որ տակաւին անյայտ է: Կրնայ ըլլալ, որ այդ մանուկներուն մէջէն հանճարներ դուրս գան, կամ՝ այնպիսի անձեր, որոնք թերեւս փոխեն ամբողջ աշխարհի մարդկութեան ճակատագիրը: Մանուկներու ապագայ կեանքի մշուշապատ եւ կարողականութեամբ լեցուն վաղուան նկատմամբ բծախնդիր ու անգիտակից քայլ է սա, զոր բնազդաբար կ՛առնէ մարդ: Տեսնուած է, որ երբեմն առանց նայելու թէ որո՞ւ երեխան է, կամ ի՞նչ ազգութեան կը պատկանի, մարդ անվեհեր նետուած է կրակի մէջ, ազատելու համար օգնութեան կանչով լացող անծանօթ մանկան:
Իսկ եթէ այսքան բնազդային է երեխան պաշտպանելու ներքին մղումը մարդուն մէջ, ու այնքան գնահատելի է անոր անձնուրացութիւնը մանուկին նկատմամբ, ուրեմն ինչքա՛ն աւելի ծանր է պատիժը այն ծնողքին, որ գիտակցաբա՛ր կը թունաւորէ իր զաւակներուն ուղեղը, ատելութիւն սերմանելով անոր մէջ…
Վստահ չեմ, թէ Աստուած դեռ որոշած ըլլայ այն ահաւոր պատիժը, զոր բաժին իբրեւ պիտի տայ անպատասխանատու եւ անձնասէր այդ ծնողքին… Աններելի մեղքերու շարքին պէտք է դասել այս եւս: