
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Շարունակած եմ մտածումներս եւ զգացումներս արտայայտել կիրարկած արուեստիս միջոցաւ: Այսպէս, վերջին տարիներուն, վրձինիս եւ ներկիս միջոցաւ կը պատմեմ պատահարներ ու դէպքեր», կը յայտնէ Սուզան Գրիգորեան, որ բարձր մակարդակի ուսում ստանալէ ետք Մեսեչուսեցի «Թաֆց» (Tufts) համալսարանէն եւ «MFA» (Museum of Fine Arts) հիմնարկէն, հաստատուած է Նիւ Եորք, ուր կը գործէ եւ կը դասաւանդէ: Ներշնչուած Ռետ Կրումզի, Ֆէյթ Ռինկոլտի, Ռոմարէ Պիրտընի, Ալիս Նիլի, Փօլ Կոկենի եւ Հանրի Մաթիսի գործերէն, ան նմանօրինակ գոյներ, մտայղացումներ եւ գործեր լոյս կ՛ընծայէ: Դեռ վերջերս, Նիւ Եորքի Լեքսինկթըն» պանդոկը յատուկ ապսպրանք մը կատարած էր, դիմելով Սուզանին:
«Մանկութենէս հրապուրուած բնութիւնով, ժամեր անցուցած եմ մեր տան պարտէզին մէջ, բոյսեր եւ ծառեր յանձնելով պաստառին: Գոյները մեծ տպաւորութիւն կը ստեղծեն: Այս գծով, դպրոցէն ներս ալ, դասընկերուհիներս եւ ուսուցիչներս կը հիանային համբերութեանս վրայ: Իսկ այժմ՝ քանի մը տարիէ ի վեր, մէջս զգացում մը ստեղծուած է հին լուսանկարներ, իւրայատուկ ակնոցովս վրձնահարելու», կը յայտնէ Գրիգորեան, որ նաեւ դասաւանդած է իր սիրած գործը, երկրորդական վարժարաններէ ներս: