Այս տարուան Կալա-ճաշկերոյթին նպատակն էր զարկ տալ միութեան երիտասարդական ծրագիրներուն եւ պատուել տէր եւ տիկին Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեանները։ Տպաւորիչ այդ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 Նոյեմբերին, Պեվըրլի Հիլզի «Հիլթըն» շքեղ պանդոկին մէջ։ Ներկայ էին աւելի քան 400 հանդիսականներ։ Օրուան հանդիսավարն էր Նորա Պալիկեան։
Հանդիսութիւնը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, կատարողութեամբ ՀԲԸ Միութեան Լոս Անճելըս-Սան Ֆերնանտօ հովիտի եւ Փասատինա-Կլենտէյլի արիներուն, որմէ ետք հանդիսականները ունկնդրեցին Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի հանրապետութեան եւ ՀԲԸՄի քայլերգները։ Հուսկ ապա Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան կատարեց բացման աղօթքն ու օրհնեց ճաշը։
Սէմ Սիմոնեան փոխատենապետ է ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան, իսկ Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան ամոլը հիմնադիրն է Հայաստանի ԹՈՒՄՕ ճարտարարուեստի ստեղծագործական կեդրոնին, որ ի սպաս դրուած է Հայաստանի երիտասարդութեան։
Անդրադառնալով իրենց ընծայուած պատիւին՝ Ս. Սիմոնեան ըսաւ, թէ իրենք մեծապէս զգացուած են եւ պարզապէս կը հետեւին ՀԲԸՄի շարաւիղին, որ բարձր կը դասէ ուսման դերը հայ երիտասարդներուն մօտ, որպէսզի անոնք կարենան բարելաւել իրենց կեանքը։ «Մենք պարզապէս կ՛անսանք ազգին օգտակար հանդիսանալու այն գիտակցութեան, զոր ստացած ենք ՀԲԸՄի դպրոցներուն մէջ», ըսաւ ան եւ աւարտելով իր խօսքը՝ նշեց, թէ իրենք երբե՛ք պիտի չմոռնան այս գիշերուան բացառիկ ընդունելութիւնը։
Ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը՝ ԹՈՒՄՕ կեդրոնի տեսլականին եւ անոր գործունէութեան վերաբերեալ, որմէ ետք ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Սինան Սինանեան բարձր դրուատեց Սիմոնեաններու նախաձեռնութիւնը՝ հիմնելու այդ կեդրոնը, որուն նպատակն է Հայաստանի պատանիներուն մտահորիզոնը ընդարձակել եւ անոնց ստեղծագործական աշխատանքի պատեհութիւն ընծայել, որպէսզի անոնք դառնան պատրաստուած ուժեր։ Ան ապա բեմ հրաւիրեց օրուան մեծարեալները եւ զիրենք պատուեց յուշատախտակով ու նուէրով մը, առ ի գնահատանք անոնց անշահախնդիր նուիրումին եւ ծառայութեանց՝ Հայաստանի ԹՈՒՄՕ կեդրոնին եւ ՀԲԸՄին։
Ս. Սինանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովին՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Գրիգոր Գարակէօզեանի, որ տարեկան այս աւանդական ձեռնարկով բացառիկ պատեհութիւն կ՛ընծայէ մեր բարեկամներուն, գնահատելու համար մեր նուաճումներն ու զօրացնելու մեր նեցուկը միութեան առաքելութեան։
Ս. Սինանեան նաեւ շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ՀԲԸՄի նորանշանակ պատուոյ անդամ Հերմինէ Ճանոյեանին, որ իր գործակիցներուն հետ ջանք չէր խնայած յաջողութեամբ պսակելու այս տպաւորիչ ձեռնարկը։ Հ. Ճանոյեանի շնորհուած էր այդ պատիւը՝ ՀԲԸՄին իր աւելի քան երեսուն տարուան անսակարկ ծառայութեանց համար։ Ան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան՝ այս պատիւին համար։
Հանդիսավար Նորա Պալիկեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ հանդիսականներուն մեծ մասը կը բաղկանայ միութեան ժրաջան եւ երիտասարդ արհեստավարժներէ, որոնք կ՛ուզեն միութիւնը առաջնորդել դէպի նոր հորիզոններ։
Խօսք առաւ նաեւ ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Գրիգոր Գարակէօզեանը՝ ըսելով. «Մեր Միութիւնը հպարտ է իր անցեալով, խանդավառ է իր աշխոյժ ներկայով եւ վստահ՝ իր յուսատու եւ փայլուն ապագայով»:
«Մեր միութիւնը հեռատեսութիւնն ունի գոհացում տալու նոր սերունդի կարիքներուն, որովհետեւ անոնք պիտի ըլլան ապագայի մեր ղեկավարները», դիտել տուաւ Գ. Գարակէօզեան եւ աւելցուց. «Ուստի, մենք պէտք է մտիկ ընենք իրենց եւ ըստ այնմ որդեգրենք մեր ծրագիրները, որպէսզի կարենանք պահել մեր ինքնութիւնը, մեր սիրելի ՀԲԸ Միութիւնը ու մեր փառաւոր ազգը»:
Հանդիսատեսներուն մէջ ուշագրաւ էր ներկայութիւնը թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, բարերար ամոլ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու, նախկին թեմակալ առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանի, ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Սինան Սինանեանի, Սէմ Սիմոնեանի եւ Երուանդ Տէմիրճեանի։ Քաղաքական դէմքերէն ներկայ էին Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանն ու Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը։
Ներկայացուած էին նաեւ հետեւեալ հայկական կազմակերպութիւնները. Համահայկական հիմնադրամը, Միացեալ հայկական հիմնադրամը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայ ոսկերիչներու միութիւնը, Հայ իրաւաբաններու միութիւնը, Արարատ Տունն ու Հայ վաճառականներու գրասենեակը։
Իսկ օրուան հովանաւորողներն էին Ճորճ եւ Պարպարա Աղազարեանները, Պաղտասարեան ընտանիքը, Երուանդ եւ Մելիսա Տէմիրճեանները, Ճեք Մունուշեան Հիմնադրամը, Վազրիկ եւ Ալիս Մագարեանները, Հէրի եւ Շէրըլ Նաճարեանները, Սինան եւ Անժէլ Սինանեաններն ու ԹՖ Ուսումնական հիմնադրամէն՝ Ճերի եւ Բաթրիշա Թրբանճեանները։
Հանդիսատեսները առիթն ունեցան դիտելու ՀԲԸՄի երիտասարդական շարժումները ներկայացնող վաւերագրական տեսաերիզ մը՝ պատրաստութեամբ Փիթըր Մըսըրլեանի, իսկ երեկոն մեծապէս խանդավառեցին երգիչներ Անի Քրիսթի եւ Արթիւր Յակոբեան )Մըսթըր X)։
Պաշտօնական բաժինէն ետք հրաւիրեալները երկար պարեցին Տի.Ճ
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.