
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ թատերական արուեստներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8ին, Պեվըրլի Հիլզ գտնուող Գրողներու ընկերակցութեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է արուեստի հարցերու նուիրուած քննարկում մը՝ աւելի քան 200 մասնակիցներով:
Քննարկումը, որ կեդրոնացած է թատերական, շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի մարզերուն մէջ հայերու միջեւ կապեր հաստատելու կարելիութեանց վրայ, առաջնորդուած է Մայքըլ Փերեցեանի, Ռապըրթ Փափազեանի, Արիս Ճանիկեանի եւ Հենք Սարոյեանի կողմէ, իսկ հանդիսավարը եղած է Ճիլ Սիմոնեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարած է առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Նոյն երեկոյեան տեղի ունեցած է «Լիլիըն եւ Վարնըմ Փօլ» մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը: Չորրորդ մրցանքի աւարտական հանգրուան հասած երեք գործերն էին՝ Կարին Քէյ. Յովհաննէսեանի եւ Ալեք Մուհիպեանի «1915»ը, Երուանդ Քոչարի ու Ճինի տի Քարլոյի «13րդ Պատկերը» («The 13th Image»), Լեւոն Մինասեանի եւ Էրիք տը Ռոքֆոյի «Երկրորդ Ճամբորդութիւնը» («The Second Journey»): Երկու տարին անգամ մը շնորհուող սոյն մրցանակը շահեցաւ Մինասեանի եւ տը Ռոքֆոյի ստեղծագործութիւնը, որ ստացաւ նաեւ 10,000 տոլարի վարձատրութիւն:
Յատկանշական է, որ աւարտական հանգրուան հասած վեց թատերագիրները, մրցանակը շահողի անունի հրապարակումէն առաջ որոշած էին 10,000 տոլարը իրարու միջեւ բաժնել:

Լեւոն Մինասեան ներկայ չէ եղալ ձեռնարկին, սակայն «Սքայփ»ի միջոցաւ «միացած է» Էրիք տը Ռոքֆոյի ու միասնաբար շնորհակալութիւն յայտնած են կազմակերպիչներուն ու ներկաներուն:
Հայկական նիւթերով բեմագրութեանց սոյն մրցանակին համար, Միացեալ Նահանգներու տարածքէն, Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն ուղարկուած են ստեղծագործութիւններ, որոնք քննուած են դատակազմի մը կողմէ, որուն անդամներն էին Անահիտ Նազարեան, Մայքըլ Կուրճեան եւ Հենք Սարոյեան: Սոյն մրցանակը կը տնօրինուի Հայ թատերական արուեստներու միութեան կողմէ եւ կ՛իրականացուի շնորհիւ Լիլիըն եւ Վարնըմ Փօլերու կատարած նուիրատուութեան, որ կը կատարուի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին ճամբով ու կը վայելէ առաջնորդ Տէրտէրեանի հովանաւորութիւնը:
Նաեւ, Հայ թատերական արուեստներու միութեան «Հայ աստղ» մրցանակը շնորհուեցաւ 2008ին մահացած ամերիկահայ թատերագիր Լիա Ռայընին, որուն «Պլի»չ գործը նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան:
Հայ թատերական արուեստներու միութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armeniandrama.org կայքը: