ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայկական բանակի ճակատագիրով, անոր հզօրացումով մտահոգ ենք բոլո՛րս: Բոլորս ալ կ՛ուզենք, որ հայկական բանակը վայելէ բոլորիս սէրն ու գուրգուրանքը, իւրաքանչիւրիս նեցուկը:
Գիտենք, որ բանակը, մեր փառապանծ, յաղթական բանակը, զերծ չէ թերութիւններէ, որոնցմէ ամէնէն ցաւալին՝ կաշառակերութիւնն է, ինչպէս նաեւ Խորհրդային բանակէն եկած յոռի սովորութիւնները, որոնց պատճառով կը կորսնցնենք թանկագին կեանքեր:
Գիտենք, որ բանակի բարձրագոյն հրամանատարութիւնը պիտի նախընտրէ ձերբազատիլ այս երկու ախտերէն:
Կաշառակերութեան դէմ պայքարի գծով, հայկական բանակի ղեկավարութիւնը վերջերս որդեգրեց զօրակոչիկներու ծառայութեան վայրերը վիճակահանութեամբ ճշդելու գործելակերպը:
Այսինքն՝ այլեւս հարուստ, իշխանաւոր խաւը պիտի չկարենայ դրամի կամ հանգամանքի ճնշումով իր զաւակը տեղաւորել ապահով դիրքերու վրայ (օրինակ Էջմիածինի զօրանոցին կամ Երեւանի կայազօրին մէջ), իսկ գիւղացի կամ թշուառ ընտանիքի զաւակը անպայմանօրէն պիտի չուղարկուի ճակատի առաջին գիծ:
Դրական այս քայլին կենսագործումը մեծապէս պիտի նպաստէ բանակի ծառայութեան հանդէպ ընտանիքներու վերաբերումին: Բանակէն ներս դասակարգային խտրականութեան տգեղ երեւոյթի մը դէմ ազդու պայքարի այս ձեւը, սակայն, կենսագործուելու համար կարիքն ունի վերահսկող համակարգի մը, որ պիտի հետեւի օրէնքի գործադրութեան: Ամէնէն մեծ վտանգը, անշուշտ, վիճակահանութենէն կարճ ժամանակ մը ետք անոր արդիւնքները փոփոխութեան ենթարկելու կարելիութիւնն է: Հարուստի եւ իշխանաւորի երեխան եթէ վիճակահանութեամբ պիտի ծառայէր Ֆիզուլիի ճակատին վրայ, քանի մը շաբաթ կաշառքով ապահովուած յատուկ խնամքով ու գուրգուրանքով ապահով մնալէ ետք այդ դիրքին վրայ՝ կրնայ վերադառնալ Երեւան, կամ Արմաւիր, իր տեղը «զիչելով» աղքատ զինակոչիկին:
Հետեւիլը, վիճակահանութեան արդիւնքներու գործադրութեան վրայ վերահսկումը կը դառնան կարեւոր: Ո՞վ պիտի ըլլայ վերահսկողը:
Նախ՝ մամուլի աշխատողները՝ անկախ, անկաշկանդ, խիզախ լրագրողներ, որոնց պէտք է տրուի նիւթական անհրաժեշտ միջոցներ, պարբերաբար այցելելու համար զօրամասերը եւ հաստատելու զանցումները, եթէ կան, անշուշտ:
Ապա՝ հասարակական կազմակերպութիւնները, որոնք պէտք է իրենց գործունէութեան առանցքը դարձնեն բանակէն ներս արդար, անկաշառ վերաբերմունքի համար երաշխիքներու փնտռտուքը:
Ի վերջոյ, ի՛նք՝ բանակի հրամանատարութիւնը, որ յանուն զինուորներու կորովի բարձրացման, յանուն հայրենիքի սահմաններու պաշտպանողներուն միջեւ խտրականութեան բացարձակ վերացման, ամէ՛ն ճիգ պէտք է թափէ, որպէսզի որդեգրուած դրական գործելակերպը կենսագործուի:
Մենք՝ Սփիւռքէն, կրնանք բարոյական ու նիւթական նեցուկով սատարել լրագրողներուն ու հասարակական կազմակերպութիւններուն՝ իրենց առաքելութիւնը կատարելու միջոցներու հայթաթման աջակցելով: