
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 6ի երեկոյեան, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը հիւրընկալեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի «Քրիստոնեայ Հայ Ընտանիք եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն» հատորին ողջունահանդէսը՝ հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին հոգեւորականաց դասու անդամներ եւ Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեանը:
Ողջունահանդէսը կազմակերպուած էր Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ: Ներկայ էին ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց, Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներ եւ գրասէր բազմութիւն մը, որոնք ձեռնարկի աւարտին վայելեցին կազմակերպիչ հոգաբարձութեան հիւրասիրութիւնը:
Հոգաբարձութեան ատենապետուհիին՝ Սեդա Դարբինեանի, ողջոյնի խօսքէն ետք, յայտագիրը վարեց ծանօթ արուեստագիտուհի Թագուհի Արզումանեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ այս հրատարակութեան յատկանիշներուն: Հատորին ներկայացումը կատարեց ծանօթ մտաւորական փրոֆ. Օննիկ Քէշիշեանը, որ ներառուած նիւթերուն ընդմէջէն կանգ առաւ ընտանիք հասկացութեան ու անոր արժէքին վրայ: Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինը իրականացուցին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբի մենակատարներէն Ռիմա Կարապետեանն ու Վահագն Հովենցը:
Սրտի խօսք արտայայտելու համար, հայր Միւռոնը բեմ հրաւիրեց դաստիարակ եւ միութենական գործիչ Սոնա Մատարեանը: Հեղինակը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց այս ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ սրբազանին՝ սոյն երեկոյի հովանաւորման համար: Ան վեր առաւ հայկական ընտանիքներուն մէջ քրիստոնէական արժէքներու պահպանման հրամայականը եւ շեշտեց այս արժէքները նոր սերունդներուն ջամբելու կարեւորութիւնը:
Ողջունահանդէսի փակման խօսքը արտասանեց առաջնորդը: Ան գոհունակութիւն յայտնեց այս բնոյթի հատորի մը լոյս ընծայման եւ անոր մատուցման նպատակով սոյն երեկոյի կազմակերպման համար՝ յիշեցնելով, որ Ազգ. առաջնորդարանի պաշտօնաթերթին՝ «Հոգեւոր Պրիսմակ»ին, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ «Հասկ»ին մէջ լոյս տեսնելէ ետք,՝ հայր Միւռոնի մէկտեղած խորհրդածութիւնները այժմ մատչելի կը դառնան հատորով մը, որ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի համար օգտակարութիւն պիտի ունենայ: Առաջնորդը յիշեցուց նաեւ, որ Արամ Ա. կաթողիկոս Հայ ընտանիքին նուիրած էր 2004 տարին եւ այդ առիթով, մեր ժողովուրդին ուշադրութեան յանձնած էր մեր ընտանիքներուն մէջ քրիստոնէական արժէքներուն եւ ուսուցման հրամայականը՝ իբրեւ զրահ նոր աշխարհի ստեղծած բազմապիսի մարտահրաւէրներուն ու ոռոգայթներուն: Ան գնահատանեց այն իրողութիւնը, որ հատորէն օրինակներ պիտի բաշխուին ընթերցողներուն, իսկ այդ առիթով նուիրատուութիւնները պիտի տրամադրուին Նորթ Հոլիվուտի ծխական համայնքը սեփական եկեղեցիով օժտելու ծրագիրին:
Երեկոն վերջ գտաւ առաջնորդի «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ: