
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատունէն վերջերս լոյս տեսած էր Տիգրան Գույումճեանի եւ Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի խմբագրութեամբ անգլերէն հատոր մը՝ նուիրուած Սասունցի Դաւիթի դիւցազնավէպին:
Հատորին շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21ին, նշեալ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական հիմնարկին կազմակերպութեամբ: Շնորհահանդէսին բացումը կատարեց դոկտ. Վիտա Սամիյեան, որ համալսարանի արուեստներու բաժանմունքի վարիչն ու հրատարակչական գործունէութեան պատասխանատուն է: Ապա, հատորին մասին ելոյթ ունեցաւ հատորի խմբագիրներէն Պարլօ Տէր Մկրտիչեանը, իսկ փակումը կատարեց Հայագիտական ծրագիրի դասախօսներէն փրոֆ. Սերճիօ Լա Փորթան: