ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Սգաւոր բարեկամներ,
Մանուշակ Սիմոնեանի մահուան տխուր առիթով, Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան (ՔՀԳՄ) անունով մեր խորին վշտակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի պարագաներուն: Սիմոնեանները առաջին օրէն իսկ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են ՔՀԳՄ կազմութեան գործընթացին մէջ, եւ իրենց իրաւունքով արդէն մաս կը կազմեն «Էլ.Էյ.»ի գաղութի պատմութեան:
Աւելի առաջ չգացած՝ ձեր ներողամտութիւնը պիտի խնդրեմ, եթէ տեղ-տեղ զգացական զեղումներ ունենամ, որովհետեւ տասնամեակներու ընթացքին, Հրանդն ու Մանուշը հարազատ քոյր ու եղբայր եղած են իմ ընտանիքիս:
Արդարեւ, հանգուցեալը մօտէն ճանչցողները կրնան վկայել, թէ ան սիրոյ ու բարեկամութեան մարմնացում եղած է՝ նուիրեալ մայր ու կողակից, որ իր ամուսնոյն՝ Հրանդին, հետ կողք կողքի նուիրումով ծառայած են մեր արդար Դատին ու հայ մշակոյթին, միեւնոյն ատեն ջերմ բարեկամը հանդիսանալով հայ գրող-մտաւորականին:
Հրանդն ու Մանուշը, իրենց սրտերն ու տան յարկը միշտ բաց պահած են այն նորեկ հայերուն առջեւ, որոնք օր մը ուղեկորոյս յայտնուած են օտար այս ափերը: Մասնաւորապէս անոնց յատուկ ուշադրութեան արժանացած են գրող-մտաւորականներն ու Հայ Դատի նուիրեալները:
Արդ, կեանք մը ամբողջ ծառայելը՝ Սիմոնեանները առաջնորդող ու պատնէշի վրայ պահող կարգախօսը եղած է: Եւ այդ բոլորին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է ինքն՝ Մանուշը:
Արեւմուտքի մէջ բոլորիս ծանօթ է սա պարզ ճշմարտութիւնը, թէ ամէն յաջողած տղամարդու ետին, ամուր ջիղերով ու լայն աշխարհահայեացքով կին մը կանգնած է, եւ եթէ ան համախոհ չէ եղած ամուսնոյն ձգտումներուն, անոր ընկերային ու քաղաքական գործունէութեան, ապա առանց այլեւայլի՝ այս վերջինը դատապարտուած է ամլութեան ու ձախողութեան: Երբեմն ալ խոհուն ու հեռատես կինը, կրնայ զսպիչ ուժ դառնալ ամուսնոյն ծայրայեղութիւնները սանձելու:
Ելլելով այս իրողութենէն՝ անվարան կարելի է ըսել, թէ առանց Մանուշի օրհնութեան ու անոր անմիջական գործակցութեան, Հրանդին պիտի չյաջողուէր ազգային կեանքի մէջ «լեռները շարժելու» իր կարողականութիւնը ցոյց տալ ու բարիք սփռել իր շուրջը:
Արդարեւ, ութսունական թուականներուն, Սիմոնեանները իրենց գեղատեսիլ բնակարանին մէջ գրական բարձրորակ հանդիպումներ կը կազմակերպէին: Այդտեղ, խումբ մը վաւերական գրողներ կը հաւաքուէին իրարու գործերուն ծանօթանալու, տակաւին՝ իրարմով լիանալու: Այդպիսի երեկոներու հանդիպած ենք գաղութի նահապետ Արշակ Տիգրանեանին, ինչպէս նաեւ՝ Զաւէն Սիւրմէլեանի, Կարապենցի եւ Վահէ Օշականի նման գրողներու, եւ տակաւին՝ գաղութս այցելող հայրենի ու սփիւռքահայ անուանի հեղինակներու: Իսկ մեր սիրելի Մանուշը, հակառակ իր մէկ թոն բեռին, հիւրերը կ՛ընդունէր՝ ժպիտը դէմքին, հոգ չէ թէ որքա՛ն եռանդ խլած ըլլար իրմէ անմոռանալի այդ երեկոներու կազմակերպումը:
Այդ շրջանին էր նաեւ, երբ Վահէ Օշականի օրհնութեամբ, Սիմոնեաններու բնակարանին մէջ հիմը դրուեցաւ ՔՀԳ միութեան, զոր «Գրական Շրջանակ» անուանեցինք: Իսկ տարիներ ետք, երբ Հայաստանի տեսլապաշտ հիւպատոս Վալերի Մկրտումեանի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ ՔՀԳ ներկայ միութիւնը, առաջին օրէն իսկ, Սիմոնեանները իրենց նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը ցոյց տուին նորակազմ միութեան եւ որպէս խօսուն փաստ հայ գրականութեան հանդէպ իրենց պաշտամունքին՝ «Հրանդ եւ Մանուշ Սիմոնեան» անուան տակ գրական զոյգ մրցանակներ հաստատեցին, մին Քալիֆորնիա, իսկ միւսը՝ Հայաստանի տարածքին: Ասոնց կողքին, բարերար զոյգը մինչեւ օրս նիւթական կարեւոր յատկացում կը կատարէ գրողներու մեր միութեան:
Հին հռովմէական ասոյթը զուր տեղի չէ ըսած. «Երբ թիւերը խօսին, աստուածները կը լռեն»…
Այլեւս անյեղլի իրականութիւն է, թէ ողբացեալ Մանուշն ալ ամուսնոյն հետ, իր լիութեամբ ապրեցաւ գրական մշակութային ու հայրենասիրական բեղուն կեանք մը եւ այդպիսով արժանի դարձաւ անմահ Թէքէեանին հետ կրկնելու՝
Հաշուեյարդար, ի՞նչ մնաց կեանքէն ինծի, ի՞նչ մնաց,
Ի՛նչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՛կ, ա՛յն միայն,
Ի՛նչ որ գնաց ուրիշին, վերադարձաւ անուշցած:
Սիրելի Մանուշ, թող որ բարին Աստուած, յաւիտենական լոյսի մէջ պահէ ազնուական հայուհիի հոգիդ…
Մանուշակ Սիմոնեանի յիշատակը անթարամ պիտի մնայ բոլորիս սրտին մէջ: