
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի Պսալիմ-Մըզհեր քաղաքի քաղաքապետարանի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Յոյն ուղղափառներու Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Ծնունդին նուիրուած համերգ մը տեղի ունեցաւ, «Միութեան ու Խաղաղութեան Ծնունդը» խորագիրով։
Սոյն համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան եկեղեցիներու երգչախումբեր, որոնց կարգին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի։
Երգչախումբը հայ եկեղեցւոյ շարականներէն Ծննդեան նուիրուած փունջ մը հրամցուց ներկաներուն։