
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Ազգային արխիւին համար 2013 թուականը մեծ ձեռքբերումներու եւ նոր արհեստագիտութիւններու կիրարկման տարի էր: Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանը Անոր համաձայն, արխիւը 2013 թուականին համալրուած է 35 հազար արխիւային փաստաթուղթերով:
«Տարին արխիւի համար բաւական յաջող էր: Մենք կարողացել ենք թուայնացնել շուրջ 119 հազար թերթ արխիւային փաստաթուղթ», ըսած է ան: Վիրաբեան նշած է, որ բաւական մեծցած է քաղաքացիներուն հետաքրքրութիւնը արխիւին նկատմամբ: «Այս տարի 29 հազար հարցում ենք ստացել՝ նախորդ տարուայ 24 հազարի փոխարէն», դիտել տուած է Ազգային արխիւի տնօրէնը՝ աւելցնելով, որ արխիւի փաստաթուղթերուն թիւը 4 միլիոն 124 հազար 796 միաւոր է:
Վիրաբեանի համաձայն՝ այս տարի արխիւի կեդրոնին մէջ 40ով աւելցած է նաեւ հետազօտողներուն թիւը՝ 530էն դառնալով 570:
Նշենք, որ Հայաստանի ազգային արխիւը հիմնադրուած է 1923 թուականին: Ներկայիս անոր հովանիին տակ կը գործեն 11 մարզային մասնաճիւղեր եւ 29 տարածքային ներկայացուցչութիւններ։