ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի վարչապետ, Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի խորհուրդի նախագահ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է համալսարանի խորհուրդի տարեվերջի նիստը:
Մանկավարժական համալսարանի նախագահ Ռուբէն Միրզախանեան ներկայացուցած է համալսարանի 2013ի գործունէութեան հաշուետուութիւնը եւ 2014ի պիւտճէի նախահաշիւը, զեկուցած է կատարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ քայլերուն մասին: Ան տեղեկացուցած է, որ վարչապետի յանձնարարականով 1 Յունուար 2014էն սկսեալ 40 տոկոսով պիտի աւելնայ դասախօսներուն աշխատավարձը, պիտի հաստատուին համակարգչային լսարաններ, ընթերցասրահներ, գրադարանի մարդասիրական գիտութիւններու ընթերցասրահ՝ արդիական սարքաւորումներով եւ ելեկտրոնային գրականութենէն օգտուելու տուեալներով օժտուած: Պիտի վերանայուին եւ որակապէս բարելաւուին որոշ ամպիոններու ուսումնական ծրագիրները:
Ան անդրադարձած է նաեւ միջազգային համագործակցութիւններուն եւ ուսանողներու փոխանակումներուն։ Ռուբէն Միրզախանեանի համաձայն՝ 2013ի կրթաթոշակը չէ բարձրացած եւ 2014ին եւս պիտի պահուի ինչպէս որ է։ Ան նշած է, որ համալսարանի 2013ի պիւտճէէն կատարուած 350 միլիոն դրամ խնայողութեամբ կարելի եղած է բարձրացնել դասախօսական կազմի աշխատավարձը:
Խորհուրդի անդամները իրենց խօսքերուն մէջ գոհունակութիւն արտայայտած են տարուած աշխատանքներուն եւ կատարուած բարեփոխումներուն համար։ Անոնք բաւարար նկատած են 2013ի աշխատանքները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.