
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Ճիտէյտէի մեծ շուկան ամէնօրեայ գնումի վայր չէր մեզի համար։ Եղանակային էր։ Որովհետեւ տօնական օրերը յատկանշական էին Հալէպի մէջ, նախապատրաստութիւնն ալ համապատասխան էր։ Նորի եւ տարբեր ըլլալու հասկացողութիւն մը կար, որուն շուրջ անհամաձայնութիւն չէր թուեր ըլլալ ժողովուրդի խաւերուն մէջ։ Գլխաւոր տօները անկասկած կրօնական էին։ Մեծ Զատիկ—Յարութեան Տօն եւ Պզտիկ Զատիկ—Ս. Ծննդեան Տօն։ Կաղանդը իր անկախ էութեամբ տեղի չէր տար։ Ինկած ըլլալով Արեւմտեան եւ Հայկական Ծնունդներու միջեւ, տօներու գագաթնակէտն էր հայ գաղութին համար։ Կաղանդի ծառերը տարեգլխուն համար կը պճնուէին, նուէրները Կաղանդի գիշերը կը փոխանակուէին եւ ընտանեկան ճոխ եւ փարթամ սեղանները Նոր Տարին դիմաւորելու համար կը պատրաստուէին։ Յարգանք կար բոլոր տօներուն հանդէպ։ Աւանդութիւններու հանդէպ գուրգուրանք եւ հետեւողութիւն։ Ամբողջ տարին իսկ Աստուծոյ տունը ոտք չկոխող անհատը երկիւղածութեամբ եկեղեցի կը փութար։ Ժողովուրդը խուռներամ իր ներկայութեամբ կը խճողէր եկեղեցիներն ու անոնց գաւիթները։ Եւ ամէն ոք իր նորագոյնը կ՛ընծայէր։ Նորի հասկացողութիւնը Աստուծոյ մատուցուելով կ՛արդարանար։
Ծաղկազարդի կամ Զատկուայ առաւօտուն, ուշադրութեան անխուսափելի առարկայ էր ոչ հայ կաթողիկէ դաւանանքի պատկանող, սպիտակ, ուշագրաւ, նոր եւ մաքուր զգեստներու մէջ պարուրուած պարման պարմանուհիներու տողանցքը դէպի եկեղեցի։ Մերն ալ նոր էր անշուշտ, ոտքէն մինչեւ գլուխ։ Մենք Աւետարանական էինք եւ ընտանեկան ընդունուած սովորութեամբ կանոնաւորապէս ամէն Կիրակի ընտանեօք եկեղեցի կը յաճախէինք։ Բայց տօնական օրերուն մեզ ալ ուրիշ Կիրակիներէ զանազանողը տօնական օրերու վերազգեստաւորումն էր։ Այդքան ակնյայտ էին տօնական օրերը եւ անոնց համար տարուած ծնողական լուրջ նախապատրաստութիւնը։ Աւետարանական ժառանգութեամբ միշտ հպարտ, հայրս եւ մայրս ի սկզբանէ իրենց հինգ զաւակները դրած էին «կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը» ուղիին վրայ։ Եւ այդ ուղին, հօրս եւ մօրս համար, անպայման կ՛ընդգրկէր Մայր եկեղեցին։ Էմմանուէլ եկեղեցւոյ պաշտամունքի աւարտին, մեր ձեռքերէն բռնած անոնք կ՛ուղղուէին Սալիպէի Քառասուն Մանուկ մայր եկեղեցին, ուր, մեր կանուխ տարիքի տօնական օրերու այցելութեամբ՝ ընտելացած ենք անմահն պատարագին, զգլխիչ խունկին, պլպլացող մոմի լոյսին եւ սրբազան շարականին հետ։
Խոհանոցներն ալ տարբեր էին։ Ընչաքաղցութիւնն ու որկրամոլութիւնը սովորաբար հեռու էին տուներէ։ Բայց տօնական օրերու սեղանները ի հարկէ, որ տարբեր ըլլային։ Հոս ալ նորին օրէնքը կար։ Ընդհանրապէս բացակայ ձուկն ու հնդկահաւը այդ օրերուն իրենց պատուական տեղը կը գրաւէին սեղաններու կեդրոնը։ Անոյշ գինին միայն այդ եղանակին կը հոսէր մեր տան մէջ, իսկ արաբական պատուական բախլավան կը թագադրէր բոլորը։ Մեծ Պահքի աւարտին, աւանդական խթումները լրջախոհ խոկումներու առիթ կ՛ըստեղծէին, ուր մեծերը, հաւաքուած ընտանեկան սեղանի մը ջերմութեան շուրջ, կը պատմէին անցեալէն եւ կը բացատրէին օրուան խորհուրդը յաճախ փոքրերը ձանձրացնելու գնով եւ ի հեճուկս մեր մանկական չարութիւններուն։ Նուէրն ու խաղալիքը բացակայ էին Ծնունդէն ու Յարութենէն։ Փրկիչին Ծնունդը եւ Խաչեալին Յարութիւնը նուէրն էր համայն մարդկութեան, որուն հանդէպ ջերմեռանդ հաւատքի, սրտաբուխ փառաբանութեան եւ արժանի պաշտամունքի պահը հարկաւոր էր տարանջատել անլուրջ խաղի եւ նիւթապաշտութեան բոլոր փորձութիւններէն։
Կաղանդը Մեր Տան Մէջ

Տարիներ շարունակ հալէպցիին գիշերային հաճոյքի կեդրոնական միջավայրը ընտանեկան երդիքն էր։ Այո, քաղաքը օժտուած էր Սեպիլի արուարձանին նման գեղեցիկ պարտէզներով, աւազաններով, հոսուն ջուրերով, ծփացող սագերով ու բադերով, տողանցող գոռոզ սիրամարգերով, բացօթեայ ճաշարանով, կապիկներու վանդակով, առիւծի գլուխ աղբիւրով, զուարճութեան եւ վայելքի բոլոր յարմարութիւններով հարուստ գեղատեսիլ զբոսայգիով մը։ Կար նաեւ քաղաքամէջի լայնատարած հանրային պարտէզը, նոյնպէս հարուստ աւազաններով, պուրակներով, խոտաւէտ տարածութիւններով, գունագեղ ծաղիկներու եւ վարդենիներու պարտէզներով, անցքերով եւ ջրանցքներով։ Առաւելապէս սակայն, այս վայրերը կամ ամառնային էին եւ կամ ցերեկային։ Հալէպցիին երեկոյեան հաւաքոյթները տան համար եւ տան մէջ ծրագրուած էին՝ մանաւանդ աշնան եւ ձմռան եղանակներուն։
Ընտանեկան սերտ կապերը ծնողք—զաւակ մտերմութեան չափանիշ էին եւ գերագոյն արտայայտութիւնը ծնողական անասակարկ սիրոյ, գուրգուրանքի եւ հոգածութեան։ Վերջապէս ի՞նչ էր այդ սերունդին մարտահրաւէրը։ Եղեռնի դաժան փորձառութեան անչափելի ցաւին եւ ճնշումին ներքեւ, պատմական եւ պապենական հայրենիքէն արմատախիլ եղած, հայր, ամուսին եւ հարազատ եաթաղանին զոհ տուած, ինչք, կալուած եւ հարստութենէ թալանուած, որբ, մերկ ու բոպիկ օտար ափեր ինկած, ուսման տենչէն եւ երազէն զրկուած, մանկութիւն չտեսած այս սերունդնը ի՞նչ կը ցանկար։ Օրակարգը պարզ էր եւ մարտահրաւէրը յստակ։
Ապրի՛լ եւ ապրեցնե՛լ։
Ոտքի կանգնի՛լ տնտեսապէս եւ երկնուած սերունդին հրամցնել այն ամէնը, որ խլուեցաւ իրենցմէ։
Հայապահպանումը բնական հոլովոյթ էր, հայապահպահման պայքար չկար, պայքարի կարիքը չկար։ Հացապահպանման պայքար էր եւ ուսման ու կրթութեան միջոցներու ապահովում։ Վերապրելու պայքարը ինքնին վրէժն էր, իսկ պատահածէն ետք չցնորելու միակ ուղին չապրուած մանկութեան մը զուարթ պայմաններու մատուցումը նորաբողբոջ սերունդին։
Ցեղասպանութեան ճանաչումի անդադրում պայքար չկար։ Օրակարգի վրայ իսկ չէր։ Այդ նոր եւ հիւրընկալ միջավայրին մէջ, իրենց գոյութեամբ եւ էութեամբ, իրե՛նք, փաստն էին Ցեղասպանութեան։ Այդ օրերու փիւնիկի իրավիճակը։ Այդ օրերու գոյութեան արդարացումը։ Եւ ահա՛ այդ անանձնական սիրոյ եւ նուիրումի արտայայտութիւնն էր, որ կ՛ապրուէր ամէն օր հալէպահայութեան երդիքներուն տակ, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Մեր ընտանեկան յարկին տակ Կաղանդը տօներու տօնն էր։ Նոր տարի մը դիմաւորելու ակնկալութեան ուրախութենէն անդին, տօնական օրերու ընդհանրական շէնշող մթնոլորտէն աւելի, կար բախտաւոր պատահականութեամբ մը Դեկտեմբեր 31ի գիշերը զուգադիպող հօրս տարեդարձը։ Այդ պատճառաւ, տասնամեակներ շարունակ խրախճանքը անպակաս եղած է հօրենական տանս մէջ, Հալէպ։ Ապա հետագային, ամուսնութենէս ետք, շարունակուող օրհնութեամբ մը, Կաղանդեան խրախճանքը շարունակուած է նաեւ ի՛մ ընտանեկան երդիքիս տակ, ամէն տեղ, ուր եղած եմ, կեանքի ընկերոջս, Սօնային՝ Յունուար մէկին զուգադիպող տարեդարձի բախտաւոր զուգահեռով։
Մայրս եւ մեծ մայրս պատասխանատու էին խոհանոցին, որ կը փռուէր Կաղանդի համար յատուկ պատրաստուած ճաշասեղանին վրայ եւ որ բաց կը մնար Կաղանդէն Խթում երկարող օրերու ընթացքին, սպասարկելով շարունակուող այցելուներու շարանին։ Տօնական այդ օրերուն, Կաղանդի յատուկ սեղանը փոխադրուած կ՛ըլլար տան մուտքին վրայ բացուող կեդրոնական դահլիճը։ Պաղ աղանդերները շարունակապէս մնայուն ներկայութիւն էին սեղանին վրայ Կաղանդէն մինչեւ Ծնունդ։ Իսկ պատրաստուած համադամ, բազմատեսակ ճաշերու շարքին կ՛առանձնանար մեծ մօրս մասնագիտութիւնը եղող Արաբկիրի սիսեռով թոփիկը, բախտաւորին համար թաքնուած մէկ հատիկ աւարով, փնտռուած սոխով հացը, իսկ անուշեղէնի շարքին, շաքարով պիշին։ Սեղանը միշտ առատ էր, իսկ Արարատը՝ բոլորին սրտին մէջ եւ մանաւանդ՝ նորահաս սերունդի շր-թներուն վրայ։

Երկու մեծ քոյրերս պատասխանատու էին Կաղանդի ծառին եւ տան զարդարանքի աշխատանքին, զոր կը կատարէին ամենայն բծախնդրութեամբ եւ խանդավառութեամբ։ Ասատուր էմմին, տարուէ տարի կանոնաւորապէս, օգտուելով Լաթաքիայի շրջանը ունեցած իր բեռնակառքի երթեւեկէն, անպայման ժամանակին կը հասնէր, բերելով անտառներէն կտրուած թարմ Կաղանդի ծառ մը, զոր քոյրերս կը զարդարէին պսպղացող գունագեղ լոյսերու երկար շարքով եւ այլազան զարդերով։ Ծառին դիմաց կը յարդարուէր կիրով պատրաստուած մսուրը, կեդրոնը՝ Յիսուս մանուկը, շրջապատուած գոմի կենդանիներով եւ Յովսէփով ու Մարիամով։
Միշտ քեռկինով եւ Արմենակով, հարազատ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ սկսած երեկոյեան հոլովոյթին, ուրախ եւ բարձր տրամադրութեան մէջ, յաջորդաբար կը միանային սակաւաթիւ ազգականներ, մօտիկ հայրենակիցներ եւ հարեւաններ։ Երեկոն կը սահէր զուարճախօսութեամբ, որուն գլխաւոր դերակատարն էր Արմենակը, որ անպայման պատրաստած կ՛ըլլար կարճ կատակերգութիւն մը, փոքրերու դերակատարութեամբ։ Կը հասնէր մեր անհամբեր սպասած նուէրներու փոխանակման պահը։ Կը յայտնուէր սպասելի կամ անակնկալ Կաղանդ Պապա մը, խանդավառելով կամ երբեմն նոյնիսկ սարսափի մատնելով փոքրերը։ Տարեկից ըլլալով, ընհանրապէս Արմենակը եւ ես կը ստանայինք նոյն նուէրը, սակայն մէկ տարբերութեամբ։ Գիշերը լոյս չտեսած, իմ նուէրս կը դառնար անգործածելի, սպառելով, մաշելով կամ կոտրուելով, մինչդեռ քեռկինը զգուշութեամբ եւ խոհեմութեամբ անվնաս անկիւնի մը ապահովութեան կը յանձնէր Արմենակինը, մինչեւ մեկնում։
Հօրս նման, ամբողջ կեանքս այդպէս եղած է, Կաղանդի սպառող նուէրին նման՝ միշտ տրամադրելի, թափանցիկ, մատուցելի եւ նուիրուած, ամէն բանի համար, որուն հանդէպ անսասան հաւատք, անխախտ սէր եւ անխարդախ վստահութիւն ունեցած եմ, յաճախ ի գին նիւթական զոհողութիւններու եւ վնասի, ոտնակոխելով զգուշութեան եւ խոհեմութեան սահմանները։
Նոր Տարուան գալստեան աւետաբեր ժամացոյցի զարկերուն հետ նոր թափ կ՛առնէր մթնոլորտը եւ թեւակոխուած թէ՛ Նոր Տարին եւ մանաւանդ հօրս տարեդարձը շնորհաւորելու համար աւանդութիւն դարձած, ժամանող ընտանեկան մտերիմ բարեկամներ՝ արաբկիրցի Յովհաննէսեան բազմանդամ ընտանիքին հետ երկար ժամեր կը շարունակուէր խրախճանքը։ Երգն ու պարը կը հետեւէին։ Արաբկիրեան բարքերու ծոցէն բխած Թամզարան պարոն Առաքելին եւ հօրս յատկութիւնն էր, որուն կը հետեւէին փոքրերը, անփորձ քայլերու կապկումով։ Յոգնած եւ սպառած՝ առաւօտեան ուշ ժամերուն խաղաղութեան վարագոյրը կ՛իջնէր տան մէջ, քանի մը ժամուան հանգստեան համար, որուն կը յաջորդէր Նոր Տարուան առաւօտեան եկեղեցական պաշտամունքին պատրաստուելու զարթնումը, փառք տալու համար Աստուծոյ մեզի ընծայուած օրհնութիւններուն, Նոր Տարուան, ծնողական սիրոյն, հոգածութեան եւ հօրենական ջերմ, խաղաղ եւ ապահով հովանիին համար։
(Հալէպ, Առաջին Կայարան,
Էջ 96-105)
———————————————————————–
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՔԵՍԱՊԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Լաւագոյն մաղթանքներով
կը շնորհաւորենք մեր հայրենակիցներուն
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
2014 Թուականին Հայութիւնը Թող Դառնայ
Սիրոյ եւ Հաւատքի Տիպար՝
Երկրագունդի Բոլոր
Ազգերուն Համար
—————————————————-
Tashdjian Trading Company
Կը Շնորհաւորեն
Իրենց Յաճախորդները
Նոր Տարուան Եւ
Ս. Ծննդեան
Ուրախ Առիթներով
dba
Novatex Intl
3170 E. Slauson Ave.,
Vernon, CA 90058
————————————————————————————
Կը Շնորհաւորենք Համայն Հայութեան
ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ
ABRAHAMIAN
MEDICAL CENTER
Azniv A. Abrahamian M.D.
Children – Adults – Seniors –
General Medicine
12507 Victory Blvd.
N. Hollywood, CA 91606
(Corner street Whitsett Ave.)
(818) 769-7540
——————————————————————————————
Սաութ Պէյ
Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէ
Հ.Ե.Դ. «Փոթորիկ» Ուխտ
ՀՕՄի «Արաքս» Մասնաճիւղ
Հ.Մ.Ը.Մ. «Արագած» Մասնաճիւղ
Այս Նոր Տարուան Սեմին
Որոշենք Վառ Պահել Հայութեան
Պայքարի Ջահը