ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի յայտնեց. «Հակառակ շարունակուող հարցերուն եւ տագնապներուն, Քաթարի դէմ թշնամութիւն չունինք. արաբական հասարակաց ինքնութիւնը Քաթարի նկատմամբ համբերութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն է, սակայն համբերութիւնը չափ ու սահման ունի»:
Այս յայտարարութեամբ ան կ՛ակնարկէր Եգիպտոսի ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու Քաթարի իշխանութեանց փորձերուն: Քաթար նման միջամտութիւններ կը կատարէ նաեւ Սուրիոյ մէջ:
Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ դեսպանին Եգիպտոսէն մեկնիլը՝ Անգարայի հետ յարաբերութեանց խզում չի նշանակեր, եւ աւելցուց, որ վերջերս կատարուած թրքական ջանքերուն նպատակը եգիպտական շահերը վնասելն է:
Ան նշեց, որ կարելի է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերականգնել, երբ հարցը չքանայ:
Ան հերքեց այն բանը, որ կարգ մը երկիրներ Եգիպտոսէն պահանջած են Իրանի հետ յարաբերութիւններ չհաստատել. «Իրանի հետ յարաբերութեանց վերականգնման մասին խօսելու ժամանակ, Եգիպտոսի հետ սէուտական յարաբերութիւնները նկատի կ՛ունենանք, սակայն Սէուտական Արաբիան մեզմէ չպահանջեց Իրանի հետ կապ չհաստատել», ըսաւ ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.