ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ազգաբնակչութեան մեծ մասը գոհ է Հայաստանի ոստիկանութեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատանքէն: 27 Դեկտեմբերին «Ոստիկանութեան եւ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան 2013ի գործունէութեան գնահատականը» նիւթով կատարուած հարցախոյզին արդիւնքները ներկայացնելով այս հաստատումը կատարած է «Կալլըփ ինթընրեշընըլ էսոշիէյշըն»ի ներկայացուցչութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը: Հարցախոյզը կատարուած է Երեւանի մէջ, 4-12 Դեկտեմբերին եւ անոր մասնակցած են 1066 անձեր։ Անոնց 66 տոկոսը դրական գնահատած է Երեւանի քաղաքապետարանին աշխատանքը: «Հար-ցուածների 45 տոկոսը նշել է կանաչապատ տարածքների աւելացում, 23 տոկոսը՝ խաղահրապարակների կառուցում, 13 տոկոսը՝ մարզական, 10 տոկոսը՝ մշակութային միջոցառումների անցկացում», յայտնած է Նաւասարդեան՝ պատասխանելով Երեւանի բնակիչներուն կողմէ եղած առաջարկներուն վերաբերող հարցումի մը։
Հայաստանի ոստիկանութեան վերաբերեալ հարցումներու բաժինով հարցախոյզին մասնակիցներուն 60 տոկոսը յայտնած է, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին գերատեսչութեան աշխատանքին մէջ դրական փոփոխութիւններ նկատած է: «Հարցուածների 64 տոկոսը դրական է գնահատել «Հրեշտակներ» յատուկ ստորաբաժանման աշխատանքը, 61 տոկոսը՝ անձնագրերի եւ վիզաների վարչութեան», դիտել տուած է Նաւասարդեանը: «Հարցուածների 32 տոկոսն արագաչափերի աւելացման արդիւնքում Երեւանի երթեւեկութեան անվտանգութեան մակարդակի փոփոխութիւն չի նկատել: Հայաստանի արտակարգ իրավիճակների նախարարութեան աշխատանքը դրական է գնահատել հարցուածների 74 տոկոսը», նշած է ան։
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան թէժ գիծին մասին տեղեակ եղող անձերուն թիւը աճած է. Ապրիլին աճը եղած է 43 տոկոս, Դեկտեմբերին՝ 55: «Ապրիլին հարցուածների 53 տոկոսն է ճիշդ նշել թէժ գծի հեռախօսահամարը, Դեկտեմբերին՝ 64 տոկոսը», ըսած է ան։
Բնակչութեան կողմէ տրուած գնահատականներուն անդրադարձած են նաեւ համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչները: Երեւանի փոխքաղաքապետ Վահէ Նիկոյեան նշած է, որ բնակչութեան եւ քաղաքապետարանի գերակայութիւնները կը համընկնին, եւ այդ ուղղութեամբ նախատեսուած են լայնածաւալ աշխատանքներ: «Եւ ես կարծում եմ, որ արդիւնքներն իրենց սպասեցնել չեն տայ», յայտնած է փոխքաղաքապետը:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարարական ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ, զօր. Նիկոլայ Գրիգորեան նշած է, որ նախարարութիւնը ճանչցուած է բնակչութեան կողմէ եւ ունի վստահութեան բարձր մակարդակ: Գրիգորեանի համաձայն, նախարարութիւնը կ՛արձագանգէ մարդոց կեանքին ու առողջութեան, ինչպէս նաեւ ծերերուն ու անօգնականներուն վերաբերող բոլոր դիմումներուն: «Բնակչութիւնը գիտի, հաւատում եւ վստահում է այս ծառայութեանը», ըսած է ան:
Ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետի տեղակալ Ներսէս Աթաբէկեան նշած է, որ հանրային կարծիքը ոստիկանութեան համար կարեւոր է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.