ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Քանի մը շաբաթներէ ի վեր «Ղազիրի գորգ»ը արդարացիօրէն մեծ աղմուկ հանեց միջազգային բեմին վրայ: Այդ մէկը պատահեցաւ երբ տոքթ. Յակոբ Մարթին Տէրանեանի անգլերէնով լոյս տեսած «Նախագահ Քելվին Քուլիճ եւ Հայ Որբերու Գորգը» («President Calvin Coolidge and the Armenian Orphan Rug») գիրքին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Արլինկթընի Հայ մշակութային կեդրոնին (Մեսեչուսեց) մէջ:
Լսած էինք, որ «Ղազիրի գորգ»ը, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու նախագահական նստավայրի պահեստանոցներուն մէջ, պիտի ցուցադրուէր գիրքին ներկայացման առիթով, սակայն այդ մէկը տեղի չէ ունեցած ամերիկեան իշխանութիւններու արգելք-որոշումով:
Այս նախաբանէս ետք կ՛ուզեմ հայ թէ օտար հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել «Ղազիրի գորգ»ին վերաբերեալ տեղեկութիւններ, որոնց, պատեհ առիթով մը, տեղեկանալու բախտը ունեցայ:
24 Ապրիլ 2013ին յօդուած մը գրած էի «Հայկական Ցեղասպանութեան Հայ Որբերը Եւ Հայ Որբաշխարհը» խորագիրով, որ հրատարակուեցաւ Սփիւռքի զանազան թերթերու մէջ, ներառեալ՝ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» թերթին:
Այդ յօդուածին մէջ անդրադառձած էի «Ղազիրի գորգ»ի պատմութեան, այսինքն՝ Ղազիրի որբանոցի, հայ որբերուն եւ գորգին պատրաստութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններուն: Յօդուածիս հրատարակութենէն քանի մը օրեր ետք, Լոս Անճելըսէն յարգելի պրն. Պետրոս Ալահայտոյեան կը գրէ. «Սիրելի տոքթոր Հարպոյեան, «Ասպարէզ»ի մէջ կարդացի ցաւատանջ ձեր երկար եւ հոգեմաշ գրութիւնը: Ձեզի կը բարեւէ հին-հին ձեր դասընկերներէն մին՝ Հալէպի Ալէբբօ քոլեճէն, վերպ. Հապիպ Ալաճաճի: Հապիպը իմ աներձագս կ՛ըլլայ, տիկնոջս եղբայրը: Հապիպին յանձնեցի «Ասպարէզ»ի Ապրիլ 24ի բացառիկը, որպէսզի կարդայ ձեր գրութիւնը հայ որբերու-որբանոցներու մասին: Հապիպին յատկապէս կը հետաքրքրէր Լիբանանի Ղազիրի որբանոցի մասին ձեր ըսածները, տրուած ըլլալով, որ Հապիպին մայրը, Խոսրոֆեան Նարդուհի, Բալուէն, «փափա» Քիւնցլերի Ղազիր հաստատուած գորգի աշխատաւորուհիներէն եղած է եւ նախագահ Քելվինի նուիրուած գորգին մասնակցած: Հապիպ ինձմէ խնդրեց, որ իր կողմէ ձեզի իր բարեւները ուղարկեմ: Նաեւ ինձմէ խնդրեց ձեր email-հասցէն եւ տուի»:
Յաջորդ օր վերպ. Հապիպ Ալաճաճի գրեց՝ ըսելով. «Սիրելի հին բարեկամ եւ դասընկեր բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, այո՛, մայրս՝ Նարդուհի Խոսրոֆեան, Ղազիրի որբերէն մէկը եղած է եւ «Ղազիրի գորգ»ը աշխատողներէն մէկը: Ան շարունակ կը յիշէր Ղազիրի որբանոցի օրերը եւ հպարտութեամբ կը խօսէր «Ղազիրի գորգ»ի պատրաստութեան մասին»:
Հապիպ Ալաճաճի դասընկերս եղած էր Հալէպի Ալէբբօ քոլեճին մէջ՝ 1953-1958: Այդ թուականէն ասդին՝ ամբողջ 55 տարիներ, ո՛չ տեսած էի զինք եւ ոչ ալ լսած էի իրմէ: Ահա այսպէս հասարակաց «Ղազիրի գորգ»ը կը միացնէ մեզ եւ կը հաղորդակցինք:

Վերոյիշեալ շատ կարեւոր պատմական իրողութիւններուն իրազեկ ըլլալէ ետք ուզեցի յաւելեալ եւ մանրամասնեալ տեղեկութիւններ ունենալ Նարդուհի Խոսրոֆեանի մասին: Ուստի, այս ուղղութեամբ գրեցի վերապատուելի Հապիպին եւ իր քրոջ՝ տիկին Վիոլէթ Ալահայտոյեանին՝ խնդրելով, որ պատասխանեն հարցումներուս: Անոնք սիրայօժար պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործակցելու եւ տրամադրելու այլ տեղեկութիւններ եւ լուսնակարներ: Տիկին Վիոլէթ Ալահայտոյեան ներընտանեկան հանդիպումներէ ետք իր հաւաքած լուսանկարները եւ տեղեկութիւնները փոխանցեց ինծի:

Ուրեմն, Նարդուհի Խոսրոֆեան ծնած է 1915ին, Սղամ, որ եղած է Բալուի գիւղերէն մէկը: Նարդուհին բախտը չէ ունեցած տեսնելու իր հայրը՝ Գասպար Խոսրոֆեանը, որովհետեւ ան սպաննուած է Նարդուհիի ծնունդէն առաջ: Գասպար Խոսրոֆեան եղած է մտաւորական եւ գործած է Սղամի մէջ որպէս ուսուցիչ: Նարդուհիի մայրը՝ Զարդարը, խնամած է իր զաւակները Սղամի մէջ՝ իր ամուսնոյն սպաննութենէն ետք աշխատելով հայ ընտանիքներու մօտ որպէս օգնական:
Գասպար եւ Զարդար ամոլները Սղամի մէջ բախտաւորուած են երեք աղջիկ եւ երկու մանչ զաւակներով: Նարդուհիին քոյրերն էին՝ Մարիամը եւ Խաթունը: Նարդուհին անոնց կրտսերագոյնն էր: Նարդուհիին մեծ եղբայրը Սղամի մէջ կ՛ամուսնանայ տեղահանութենէն առաջ: Ան շուտով առանձինն կը մեկնի Ամերիկա եւ չի կրնար վերադառնալ Սղամ: Հետեւաբար, անոր կողակիցը կը մնայ առանձին եւ ազատելէ ետք Ցեղասպանութեան ճիրաններէն կը հասնի Հալէպ ու կ՛ապրի այնտեղ: Նարդուհիին կրտսեր եղբայրը տեղահանութեան առաջին օրերուն պատանի տարիքին կ՛անյայտանայ:
Կը պատմուի, որ այդ օրերուն Սղամի կիներն ու աղջիկները տեղւոյն եկեղեցիին մէջ կը տեղաւորուին, իսկ Նարդուհիի կրտսեր եղբայրը կը մնայ առանձին, որովհետեւ թուրք զինուորները արգելք կը հանդիսանան անոր, որպէսզի չմիանայ իր մօրը եւ քոյրերուն: Այս ձեւով անոր հետքը կորսուած կը մնայ մինչեւ այսօր: Երեք քոյրերուն տարիքով ամէնէն մեծը պարմանուհի Մարիամն էր, իսկ Խաթունը՝ միջնեկը, Նարդուհիէն 6 տարի մեծ էր:
Գաղթականութեան սկզբնաւորութեան Զարդար, իր երեք աղջիկ զաւակներով՝ Մարիամ, Խաթուն եւ Նարդուհի, հազարաւոր հայ գաղթականներու հետ, կ՛ուղղուի դէպի Խարբերդ: Զարդար՝ գրկած իր քանի մը ամսական մանուկ Նարդուհին եւ պաշտպանելով Մարիամն ու Խաթունը, կը քալէ օրերով: Սակայն Զարդար կը յոգնի եւ ուժասպառ՝ չի կրնար շարունակել իր գողգոթան: Ան պարտադրաբար կը լքէ մանուկ Նարդուհին ծառի մը ճիւղերուն տակ եւ խելակորոյս կը շարունակէ քալել իր երկու աղջիկներուն հետ: Վեց տարեկան Խաթուն կ՛անդրադառնայ իր քրոջ՝ Նարդուհիին բացակայութեան: Իմանալէ ետք եղելութիւնը, կը մերժէ շարունակել ճանապարհը առանց Նարդուհիի:
Խաթուն կ՛աղաչէ, կը պաղատի մօրը, որ ետ դառնան եւ գտնեն Նարդուհին: Մայր եւ երկու դուստրեր գաղտնօրէն կը բաժնուին գաղթականներու խումբէն եւ կ՛ուղղուին դէպի այն ծառը, ուր լքուած էր Նարդուհին: Զարդար հեծկլտալով կը շալկէ տակաւին ողջ մանուկ Նարդուհին եւ ընտանեօք կը միանան խումբին ու վերջապէս կը հասնին Խարբերդ:
Խարբերդէն ետք, գաղթական խումբերու հետ երկար եւ տաժանակիր ճամբորդութիւններէ ետք կը հասնին Հալէպ:
Զարդար, բոլոր հայ գաղթականներուն նման, իր երեք անհայր զաւակներուն հոգատարութեան նուիրեալ մայր կը դառանայ: Այդ դժուար օրերուն Նարդուհիին մեծ քոյրը՝ Մարիամը, 1920ին կը հասնի Ամերիկա եւ կը հաստատուի Նիւ Եորք (ինչպէ՞ս՝ անորոշ է), ուր կ՛ապրի երկար տարիներ մինչեւ իր մահը:
Նարդուհի եօթը տարեկան հասակին կը ղրկուի Լիբանան՝ Մերձաւոր Արեւելքի խնամատարութեան միջոցաւ, այդ կազմակերպութեան հաստատած որբանոցը, նախ՝ Սայտա եւ ապա Ղազիր: Ան այս որբանոցին մէջ կը մնայ երեք ու կէս տարի՝ 1922ի սկիզբէն մինչեւ 6 Մայիս 1925: Ան կը վայելէ որբանոցին բարիքները եւ կը սորվի գորգագործութիւն: 1924-1925 կը մասնակցի պատրաստութեանը այն պատմական գորգին, որ նուէր պիտի տրուէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճին:
Նարդուհի կը վերադառնայ Հալէպ՝ իր ծնողքին փափաքով, եւ իրեն կը տրուի հաստատագիր մը՝ ստորագրուած Ղազիրի որբանոցի տնօրէն Եագոպ Քիւնցլերի կողմէ: Ան կը միանայ իր մօր եւ Խաթուն քրոջ, Հալէպի մէջ: Քանի մը տարի ետք երկու քոյրերը կ՛աշխատին Հալէպի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ որպէս օգնական բուժքոյր՝ իրենց վերակացու բուժքոյր ունենալով Լուսընթագ Չորպաճեանը, որ շատ հաւանաբար պէյրութաբնակ բժիշկ Ռոբոֆդ Չորպաճեանին մայրն էր:
Նարդուհի եւ Խաթուն քոյրեր Հալէպի մէջ յաճախ կ՛այցելեն իրենց եղբօր կնոջ, որ իրենց նման արդէն հաստատուած էր Հալէպ:
Նարդուհի Հալէպի մէջ կ՛ամուսնայ ուրֆացի Պասիլ Ալաճաճիի հետ 8 Հոկտեմբեր 1936ին: Պասիլ եւ Նարդուհի Ալաճաճի ամոլը Հալէպի մէջ կը բախտաւորուի մէկ մանչ եւ չորս

աղջիկ զաւակներով՝ Հապիպ, Մարի, Սելա, Վիոլէթ եւ Ռոզիկ:
Նարդուհի իր ամուսնոյն եւ զաւակներուն հետ կը ձգէ Հալէպը 1960ին եւ կը հաստատուի Պէյրութ, Լիբանան:
Պասիլ վարպետ ատաղձագործ էր թէ՛ Հալէպի եւ թէ Պէյրութի մէջ: Ան կը գործէ Պէյրութի մէջ մինչեւ իր մահը՝ 1981:
Նարդուհիի հինգ զաւակները՝
1. Հապիպ՝ Նարդուհիին առաջին զաւակը, կը հաստատուի Լոս Անճելըս 1979ին: Ան կը ծառայէ ամբողջ 25 տարիներ որպէս հովիւ Կլենտէյլի Հայ Աւետարանական Նազարին եկեղեցւոյ.
2. Մարի՝ կը հաստատուի Քալիֆորնիա 1978ին: Ամուսնացած է Տոքթորեանի հետ.
3. Սէլա՝ կը հաստատուի Վալանս, Ֆրանսա 1976ին. Ամուսնացած է Տապպոյի հետ.
4. Վիոլէթ՝ Հաստատուած է Լոս Անճելըս 1983ին: Ամուսնացած է Պետրոս Ալահայտոյեանի հետ: Մասնագիտութեամբ եղած է «ընկերային ծառայող» եւ գործած առողջապահական հաստատութիւններու մէջ.
5. Ռոզիկ՝ հաստատուած է Վալանս, Ֆրանսա 1971ին: Ամուսնացած է Քննապեանի հետ:
Նարդուհի իր ամուսնոյն մահէն ետք կը գաղթէ Ամերիկա եւ կը հաստատուի Լոս Անճելըս, Կլենտէյլ 1982ին: Ան կը մահանայ 1988ին Կլենտէյլի մէջ:
Նարդուհիի մեծ քոյրը՝ Խաթունը, Հալէպը ձգելով նախ՝ կը հաստատուի Պէյրութ եւ ապա կը գաղթէ Ամերիկա ու կը հաստատուի Նիւ Ճըրզի եւ հոն ալ կը մահանայ:
Պասիլ եւ Նարդուհի ամոլը եւ իրենց զաւակները բոլորն ալ եղած են գործօն անդամներ հայ աւետարանական համայնքէն ներս: Նարդուհի եւ Պասիլ եղած են նուիրեալ եւ հաւատաւոր քրիստոնեաներ:
Նարդուհին ունեցած է երեք հօրեղբայրներ՝ Մելքոն, Պաղտասար եւ Յովհաննէս:
Նարդուհին յաճախ պատմած է իր զաւակներուն «Ղազիրի գորգ»ի, Մերձաւոր Արեւելքի խնամատարութեան կատարած մարդասիրական եւ հոգատար անզուգական գործին, որբանոցէն ներս որբուհի ընկերներու եւ մանաւանդ որբանոցի տնօրէն մեծ ծառայասէր եւ հայասէր Եագոպ Քիւնցլերի մասին:
Ուրեմն, վերադառնալով «Ղազիրի գորգ»ին, պէտք արձանագրենք հետեւեալ իրողութիւնները՝
Հայկական Ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք մօտաւորապէս 40 հայ գաղթական ընտանիքներ կը հաստատուին Լեռնալիբանանի Ղազիր գիւղաքաղաքը: Այդ ժամանակամիջոցին Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան նպաստամատոյցը Ղազիրի մէջ կը հաստատէ որբանոց մը ու կը խնամէ 400 հայ որբեր, որոնց մեծ մասը կու գան Լիբանանի եւ Սուրիոյ զանազան որբանոցներէ: Որբանոցի կողքին նպաստամատոյցը կը հաստատէ նաեւ հայ դեռատի աղջիկներու գորգագործարան մը, ուր կ՛աշխատին շուրջ 100 հայ որբ աղջիկներ: Այս որբանոցը եւ գորգագործարանը կը գործեն տոքթ. Եագոպ Քիւնցլերի տնօրէնութեամբ եւ վարպետ Յովհաննէս Թաշճեանի հսկողութեամբ:
Քիւնցլերի հսկողութեամբ որբանոցի գորգագործարանի հայ որբերը 18 ամիսներու ընթացքին (1924-1925) կը հիւսեն 18.5 ոտք երկարութեամբ եւ 11.5 ոտք լայնքով գորգ մը, որ 4 Դեկտեմբեր 1925ին կը նուիրուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճին, որպէս երախտագիտութիւն «Հայկական Ցեղասպանութեան Հայ որբաշխարհի որբերուն» կողմէ Ամերիկայի ժողովուրդին ցուցաբերած օգնութեան համար, Թուրքիոյ, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յունաստանի մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք: Գորգին ետեւը ձեռագիր գրուած է՝ «In Golden Rule Gratitude to President Coolidge»: Այս գորգը հիւսուած է մօտաւորապէս 4,400,000 հանգոյցներով, նկարազարդուած է զանազան կենդանիներու պատկերներով եւ կը ներկայացնէ Սուրբ Գիրքի Ադամի պարտէզը:

Նախագահ Քուլիճ գորգը կը զետեղէ նախագահական պալատի Կապոյտ սենեակին մէջ մինչեւ 1928, իսկ նախագահութեան շրջանէն ետք իր տան մէջ կը պահէ: Իր մահէն ետք գորգը կը մնայ իր ընտանիքին մօտ մինչեւ 1983, երբ գորգը կը վերադարձուի ամերիկեան պետութեան եւ կը զետեղուի պետական շտեմարանին մէջ:
Պարտք կը զգամ քանի մը տողով խօսիլ Եագոպ Քիւնցլերի մասին:
Եագոպ Քիւնցլեր ծնած է Զուիցերիա, 1871ին: Ան կը գործուղղուի Ուրֆայի Գերմանական հիւանդանոց՝ «Deusche Orient Mission», մեծանուն տոքթ. Եոհանս Լեփսիուսի կողմէ, 1899ին: Կ՛ամուսնանայ Էլիզապէթ Պենտերի հետ 1905ին: Անոնք տէր եւ տիկին Ուրֆայի մէջ օգնութեան կը հասնին հարիւրաւոր հայ որբերու եւ հիւանդներու մինչեւ 1922: Անոնք կ՛անուանուին «փափա Քիւնցլեր» եւ «մամա Էլիզապէթ»: Անոնք ականատես կ՛ըլլան Հայկական Ցեղասպանութեան բոլոր հանգրուաններու քստմնելի ոճրագործութիւններուն եւ բարբարոսութիւններուն: Քիւնզլեր շուտով կը սորվի տեղական լեզուները, մասնաւորապէս՝ հայերէնը: Իր ջանքերով Թուրքիայէն՝ Խարբերդէն, Մալաթիայէն եւ այլ շրջաններէ, 9000 հայ որբեր կը փոխադրուին Սուրիայ եւ Լիբանան: Առաջին հերթին կը փոխադրէ Խարբերդի 5000 որբերը 20 օրերու ընթացքին, 130 կառքերով եւ 200 ձիերով, ջորիներով ու էշերով: Իւրաքանչիւր կառքի մինչեւ Ճարապլոս 20 օրերու համար կը վճարէ 400 ֆրանք փոխադրավարձք: Եագոպ Քիւնցլեր կը գործէ Լիբանանի մէջ մինչեւ 1949, շարունակելով իր բարեսիրական նուիրեալ գործը, մասնաւորաբար՝ հայ որբերու խնամատարութեամբ եւ դաստիարակութեամբ: Ան իր անսակարկ օժանդակութիւնը կը բերէ Լիբանանի Ազունիէի հայկական թոքախտանոց-հիւանդանոցի թոքախտաւոր հիւանդներուն: Իր ջանքերով 1924ին Ղազիրի որբանոցի կողքին կը հաստատուի որբանոց-կուրանոց մը, ուր կը տեղադրուին մօտ 150 կոյր որբեր եւ անոնց կը տրուի բժշկական խնամք եւ ամբողջական հոգատարութիւն:
Լիբանանեան կառավարութիւնը 1926ին Քիւնցլերի կը շնորհէ «Լիբանանի Պատուոյ Շքանշան»ը իր տարած մարդասիրական ծառայութիւններուն համար: Իսկ լիբանանահայութիւնը զայն կը մեծարէ 19 Մայիս 1939ին յատուկ ձեռնարկով մը եւ իր յարգանքի, երախտագիտութեան ու շնորհակալական արտայայտութիւնը կը յայտնէ, մասնաւորապէս անոր երկարամեայ աշխատանքին եւ հայ որբերուն մատուցած հոգատարութեան համար: Ձեռնարկի աւարտին ան կ՛ըսէ. «Որոշեցի ծառայել այդ ժողովուրդին՝ անկեղծ եղբօր մը նման. եւ այդ օրէն ի վեր, կը հաւատամ, որ բոլոր բարբարոսական միջոցները, որոնք ի գործ կը դրուին քանդելու եւ ջարդելու համար հայ ժողովուրդը՝ ձախողած են եւ դատապարտուած են ձախողութեան»:
Յատկանշական է իր հրատարակած «Արեան Եւ Արցունքի Երկիրին Մէջ» հատորը, ուր կը խօսի Հայկական Ցեղասպանութեան իր ականատեսի վկայութիւններուն մասին: Եագոպ Քիւնցլեր կը մահանայ 5 Յունուար 1949ին, Պէյրութ, եւ այնտեղ ալ կը թաղուի:
Ահաւասիկ իր վերջին խօսքերէն մէկը. «Ես եւ տիկինս ի սրտէ կը մաղթենք հայ ժողովուրդին Աստուծոյ օրհնութիւնը, որպէսզի անիկա կարող ըլլայ անվտանգ անցնիլ տակաւին գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններու մէջէն ու հասնիլ լաւագոյն օրերու»:
———————————————————————–
Mr. & Mrs. Manas & Donalee Boujikian
Կը Շնորհաւորենք Համայն Հայութեան Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
——————————————————————————-
ՊԵՏՐՈՍ
ԵՒ ՄԵԼԻՆԷ ՄԱՐՈՆԵԱՆ
ՍԻԱՄԱՆԹՕ ԵՒ ԹԱՄԱՐ
ԵՒ ՆԱՅՐԱ-ԱՆ
ՄԱՐՈՆԵԱՆ
Նոր Տարուան
եւ Սուրբ Ծնունդի Առիթներով
Լաւագոյն մաղթանքներով
կը շնորհաւորեն իրենց
յաճախորդներն
ու հայ համայնքը
ABA INSURANCE
805 E. Broadway Ste One,
Glendale, CA 91205
Tel: 818-500-9585 818-269-0909
Email: bmaronian@aol.com
—————————————————————————–
Նոր Տարուան, Ս. Ծննդեան
եւ Աստուածայայտնութեան
Տօներու ուրախ առիթներով,
Քրեսենթա Հովիտի
Հայց. Առաքելական
Ս. եկեղեցւոյ
հոգեւոր հովիւը,
Ազգային երեսփոխանական
եւ հոգաբարձական
կազմի անդամները
եւ յարակից մարմինները,
ջերմապէս կը շնորհաւորեն
եկեղեցւոյս ծխական համայնքը,
մաղթելով բոլորին քաջառողջ
եւ արեւշատ օրեր յաջողութեամբ
եւ հաւատքով առլցուն:
——————————————————————————–
Ron & Goharik
Gabriel
& Family
We wish
our friends & family
A Merry Christmas
& a Happy
New Year
——————————————————————————–
Նոր Տարուան
Եւ Ս. Ծնունդի
Լաւագոյն Ողջոյններ
Կը Փոխանցեն
Հայրենաբնակ եւ Սփիւռքի
Մեր Ժողովուրդին
Սրբոց Նահատակաց
Եկեղեցւոյ Հովիւը, Հոգաբարձութիւնը,
Ազգ. Երեսփոխանները,
Կիրակնօրեայ Վարժարանը,
Դպրաց Դասը
Եւ Տիկնանց
Օժանդակ Մարմինը