
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Ձեռնարկի աւարտին, երբ միասին կ՛ուղղուէինք կառատուն՝ դէպի մեր ինքնաշարժները, չափէն աւելի յուզուած, շրթները դողալով, գրեթէ ինքնիրէն, այսպէս խօսեցաւ հայագէտ բարեկամս.
«Ժամանակավրէպ հայագէտ մըն եմ, որ ունիմ այն զգացումը, թէ իմ ուսումս, գիտութիւնս, բառամթերքս անցեալին կը պատկանին, նոյնպէս՝ ես: Լեզուի պաշտպանութեան պայքար կը մղեմ, բութի կամ ստորակէտի ճշդման համար գիրքեր կը բանամ, ուղղագրական սխալ մը թոյլ չտալու հազար ճիգ կ՛ընեմ, լեզուն կատարեալ շարահիւսութեամբ ներկայացնելու համար նախադասութիւն մը բազմիցս կը փոխեմ, իսկ ուրիշներ կը մտածեն ու կը քննեն, թէ արդեօք կ՛արժէ՞ տակաւին հայերէնով գրել, եւ ատիկա կ՛ընեն… օտար լեզուով…»:
Դեկտեմբեր 12, 2013. հետաքրքրական ձեռնարկ մըն էր, կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանին: «Մարտահրաւէր» մը. չորս հայ արուեստագէտներ՝ Վահէ Պէրպէրեան, Լոռի Թաթուլեան, Արա Օշական եւ Արիս Ճանիկեան բեմի վրայ են՝ կողք կողքի, եւ իրենց մէջտեղը՝ հաղորդավար Մարիա Արմուտեան: Օրուան նիւթն էր՝ «Հայ արուեստագէտին դժուարութիւնները», սակայն խօսուեցաւ աւելի կարեւոր նիւթի մը մասին՝ «Հայերէնը մեռնելու վրայ է»: Կարգով իւրաքանչիւր արուեստագէտ կու տայ իր տեսակէտը, թէ ի՞նչ պէտք է ընեն այս խիստ կարեւոր աղէտին առաջքը առնելու համար: Թատերագիրը կ՛առաջարկէ հայերէն թատրերգութիւններով փրկել մեր լեզուն: Վիպագիրը կը պնդէ, թէ նախընտրելի է օտար լեզուներով գրել, որպէսզի օտարները ծանօթանան Հայ Դատին, Ցեղասպանութեան ու հայ մշակոյթին: Բոլորն ալ համաձայն են, թէ ընթերցողներուն թիւը մեծապէս նուազած է, եւ օտար լեզուով խօսողներուն թիւը՝ բազմապատկուած:
Ձեռնարկը, խիստ կարեւոր մարտահրաւէր մը ըլլալով հանդերձ, զարմանք կը պատճառէ ինծի: Նիւթը՝ «Հայերէնը մեռնելու վրայ է», եւ հինգ արուեստագէտներ թեր ու դէմ կարծիքներ կը փոխանակեն, թէ ի՞նչ պէտք է ընեն փրկելու համար հայերէն լեզուն եւ այս բոլորը՝ անգլերէն լեզուով: Այո՛, ո՛չ իսկ հայերէն բառ մը: Անգլերէնով կը վիճին, թէ ինչպէս կարելի է փրկել հայերէնը, հայ արուեստագէտներ, հայ գրողներ անգլերէն խօսելով կը ջանան հայերէնը փրկել կորուստէ: Կը հասկնամ: Նախ՝ կազմակերպուած է ամերիկեան հաստատութեան մը կողմէ, ապա, վստահաբար, ներկաներէն քանի մը հոգին հայերէն լաւ չեն հասկնար եւ այդ միտումով է, որ անգլերէնն է գործածուած լեզուն, սակայն քանի մը հոգիի համար կարժէ՞ մէկ կողմ նետել մեր մայրենին եւ խօսիլ միայն անգլերէն:
Ներկաներուն առիթ կը տրուի հարցումներ ուղղելու, կարծիքներ փոխանակելու՝ դարձեալ անգլերէն: Շատերուն ծանօթ եմ: Գիտեմ, որ լաւ հայերէն կը հասկնան ու կը խօսին, սակայն ոեւէ մէկը, ներառեալ ես, քաջութիւնը կամ համարձակութիւնը չունինք զգաստութեան բերելու կազմակերպողներն ու արուեստագէտները: Հայ գրականութեան հսկաներէն Յակոբ Օշականի թոռնիկը, Վահէ Օշականի տղան՝ Արա Օշական, բեմին վրայ է, կը պնդէ, թէ՝ «Մենք՝ հայերս, հազար տարիէ աւելի օտարի լուծին տակ մնացինք, հայերէն խօսիլը արգիլեցին, սակայն հայերէն լեզուն չմեռաւ»:
Հիանալի է մտածածը, սակայն… երեւակայեցէք, Օշական մը անգլերէնո՛վ կ՛ուզէ փաստել իր խօսքերը: Քանի մը հոգի նոյնիսկ կը համարձակին ըսելու, թէ լեզուն չէ ազգ մը պահողը եւ օրինակ կու տան հրեաները, որոնք կը գործածեն իրենց բնակած երկրի լեզուն, սակայն Վահէ Պէրպէրեան կը հակաճառէ. «Հրէաները ունին իրենց իւրայատուկ կրօնքը եւ զիրենք միասնակամ պահողը իրենց կրօնքն է, ոչ թէ լեզուն, սակայն նոյնը չէ պարագան հայերուն: Կան տասնեակներով քրիստոնեայ ազգեր, ճիշդ է, թէ հայերը եղած են քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ազգը, սակայն միայն հայերուս իւրայատուկ կրօնք մը չէ այդ: Մեզ պահողը պէտք է ըլլայ մեր լեզուն, որ օրէ օր նահանջ կ՛արձանագրէ»: Վահէ կը գրէ թէ՛ հայերէն, թէ՛ անգլերէն լեզուով, սակայն իր իսկ խօսքերով՝ «Ամէն անգամ, որ անգլերէն գրեմ, այն տպաւորութիւնը կ՛ունենամ, թէ կը դաւաճանեմ ազգիս»:
Կարծես ջարդն ու կոտորածը բաւարար չէին, քանի մը տարուան անկախութենէ ետք, Հայաստան ինկաւ խորհրդային լուծին տակ, եւ կրնամ ըսել, թէ այդ շրջանին հայերէն լեզուն նահանջ արձանագրեց: Տասը բառ ունեցող նախադասութեան մը կէսէն աւելին ռուսերէն բառերով կազմուած էր: Հայաստանէն Լոս Անճելըս արտագաղթած հայու մը եւ անոր զաւակին միջեւ ծաւալած խօսակցութեան ներկայ գտնուեցայ օր մը: Հայերէն խօսեցաւ, սակայն բան չհասկցայ: «Կուխնի գնայ, խալատելնիկը բաց, մառօժնի առ, կեր»: Եթէ նկատեցիք, գործածուած բայերը միայն հայերէն են, մնացածը՝ ռուսերէն: Հետաքրքրուա՞ծ էք այս նախադասութեան հայերէն թարգմանութիւնը գիտնալու. «Խոհանոց գնա՛յ, սառնարանը բա՛ց, պաղպաղակ ա՛ռ, կե՛ր»: Հայաստանը անկախացած է, պէտք ունի՞նք տակաւին մեր բառամթերքին մէջ օտար բառերու տեղ տալու, այդ ալ՝ կամովին:
Մենք՝ լիբանանահայ դպրոցներուն մէջ ամէն առաւօտ «Հայր Մեր» աղօթքէն ետք էր, որ կ՛ուղղուէինք մեր դասարանները: Կ՛ենթադրեմ, թէ տակաւին այդ լաւ սովորութիւնը կը շարունակուի: Միացեալ Նահանգներու մէջ օրէնք է, որ դասարան չմտած ամերիկեան դրօշակի երդումը պիտի ընեն. «Կը խոստանամ Միացեալ Նահանգներու դրօշակին…» եւ կը վերջացնեն՝ «Արդարութիւն բոլորին» բառերով, իսկ հայկական վարժարանները, ամերիկեան դրօշակի երդումէն անմիջապէս ետք կ՛արտասանեն հայկական երդումը. «Հայ եմ ես, իմ հայրենիքս կը կոչուի Հայաստան, կը խոստանամ պահել մայրենի լեզուս ու մշակոյթս եւ աշխատիլ միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի համար», ապա դասարան կը մտնեն աշակերտները: Հայերէն խօսելու երդումէն անմիջապէս ետք արդէն խօսակցութիւնները անգլերէնով կը շարունակուին: Կարգ մը ծնողներ կը գանգատին, թէ հայերէն նիւթերով շատ դաս կը տրուի, եւ անկարեւոր կը գտնեն այդ մէկը: Ծնողներ, փոխանակ քաջալերելու իրենց զաւակները, որ հայերէն խօսին, իրենց չգիտցած անգլերէնով կը դիմեն իրենց զաւակներուն:
Մեր տան մէջ՝ անգլերէն լեզուն տեղ չունի: Տղաս՝ փոքր տարիքին, քանի մը անգամ փորձած է անգլերէն խօսիլ մեզի հետ: Հարցումին չեմ պատասխանած: Կարծելով, թէ չլսեցի, դարձեալ ուղղած է նոյն հարցումը՝ անգլերէնով: Պատասխանս. «Ես անգլերէն չեմ հասկնար, հայերէն հարցուր, որ պատասխանեմ»: Նախ հաւատացած է, թէ իսկապէս անգլերէն չեմ գիտեր, ապա հասկցած է նպատակս, եւ մինչեւ հիմա մեր տան միակ լեզուն հայերէնն է:
Որքան ալ պնդեն, որ «հայերէնը մեռնելու վրայ է», ես՝ անձնապէս չեմ ընդունիր ասիկա: Չեմ հաւատար: Ինքզինքս կը նմանցնեմ փաստաբանի մը, որ յանձն առած է պաշտպանել մեղադրեալ մը, որ անմեղ է, սակայն պէտք եղած տուեալներն ու փաստերը չունի, բայց խորապէս համոզուած է մեղադրեալին անմեղութեան:
Երբ Ղարաբաղի մեր ազատամարտիկները զէն ի ձեռին կը պաշտպանեն մեր հողերը՝ իրենց կեանքը զոհելով, տարագրութեան ժամանակ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ, երբ հայ մայրեր աւազին վրայ այբուբեն կը սորվեցնէին իրենց անօթի ու ծարաւ զաւակներուն, մենք՝ սփիւռքահայերս, այսքան լաւ պայմաններու մէջ ապրելով հանդերձ, նուազագոյն զոհողութիւնն է, որ կրնանք ընել՝ մեր կարգին «պատերազմելով» սպիտակ ջարդին դէմ: Այնքան դժուա՞ր է պահել մեր մեծասքանչ հայ լեզուն, այդքա՞ն մեծ զոհողութիւն կը պահանջէ ստիպել մեր զաւակները, որ գէթ տան մէջ հայերէն խօսին: Տարին քանի մը անգամ հայկական ներկայացումներու ներկայ գտնուելով, քաջալերենք թէ՛ հայ թատերագիրները, թէ՛ թատերախումբերը: Նոյնիսկ եթէ հայերէն գիրքեր կարդալու «ժամանակ չունին» (ինչ որ ներելի չեմ գտներ), առնուազն կարդան մեր հայերէն օրաթերթերէն օրական գոնէ քանի մը էջ, երբ այնքան դիւրացած է այս օրերուն ունենալը մեր տան մէջ՝ համացանցի միջոցով: Ճարպիկ վաճառորդի մը նման չեմ փորձեր ընթերցողները տպաւորել այս քանի մը տողերով, պարզապէս չեմ կրնար ընդունիլ կամ հաւատալ, թէ «հայերէնը մեռնելու վրայ է»: Երբ կարողացանք թրքերէն երգը հեռացնել հայ տուներէն, ինչո՞ւ չկարենանք օտարախօսութիւնը նոյնպէս հեռացնել մեր օճախներէն:
Թրքախօսութիւնը շատոնց մոռցուած է: Թրքերէն երգերը հայ տուներէն դուրս նետուած են արդէն: Հիմա կարգը եկած է, որ զգաստութեան գանք եւ մեր տուներէն հեռացնենք նաեւ օտարախօսութիւնը: Մեր ծնողները, չկրցան սորվիլ արաբերէն, ձեւով մը հասկնալի է: Մեր սերունդը՝ Լիբանան ծնած ու հասակ նետած, երկու բառ արաբերէն երբ խօսէինք, արդէն մենք մեզ «կը մատնէինք». «էրմէն» ենք: Միացեալ Նահանգներու մէջ նոյնպէս, քանի մը բառ անգլերէն՝ արդէն մեր հնչիւնէն յայտնի է. «օտար» ենք: Բարեբախտաբար մեզի յաջորդող սերունդը արաբերէն կը խօսին արաբի պէս, անգլերէն կը խօսին ամերիկացիի պէս, կամ ֆրանսերէն՝ ֆրանսացիի պէս: Այդ բոլորը, շատ բարի, սակայն ինչո՞ւ հայերէն չխօսին հայու պէս:
Սիրելի՛ հայագէտ բարեկամս, անգամուան մը համար սխալած ես: «Ժամանակավրէպ» հայագէտ մը չես, իսկական հայ մըն ես, շատ լա՛ւ հայ մըն ես: Գիտութիւնդ ու բառամթերքդ անցեալին չեն պատկանիր, քեզի նման տասնեակ հազարաւոր հայեր օրական կը կրկնեն Սիլվա Կապուտիկեանի ոսկետառ տողերը՝
«Թէ մօրդ անգամ մտքիցդ հանես,
Քո մայր լեզուն չմոռանա՛ս»:
Լոս Անճելըս